Հայկական Բանակի Կազմաւորման 22-ամեակին Առիթով` Նախարար Օհանեան Պարգեւատրեց Ազրպէյճանական Ներթափանցումը Կասեցուցած Զինուորները
Հայկական բանակի կազմաւորման 22-ամեակին առիթով երէկ կազմակերպուած հանդիսաւոր նիստին ընթացքին պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ազրպէյճանական ներթափանցող խումբի դէմ վերջերս քաջարի կերպով մարտնչած ու յարձակումը կասեցուցած զինուորները եւ անոնց հրամանատարը պարգեւատրեց «Գարեգին Նժդեհ» մետալով:
Պարգեւատրեցան 10 անձեր` դասակի հրամանատար Արման Յովհաննիսեան, հազարապետ Մնացական Աւագեան, շարքայիններ Էդիկ Դադամեան, Մխիթար Վարդանեան, Դաւիթ Իսրայէլեան, նռնակաձիգ Սասուն Յակոբեան, գնդացրորդ Հրայր Համբարեան, աւագ հրաձիգ Ռաֆայէլ Աւտալեան, նռնակաձիգ Արսէն Յարութիւնեան, հետախոյզներ Արտակ Շիրվանեան եւ Արթուր Օհանեան:
«Մեր բանակի դէմքը 20 յունուարին հակառակորդի մօտ 30 յատուկ ջոկատայինները ետ շպրտած 9 հոգինոց հայկական խումբն է, շարքային զինուորն է, դիրքապահը: Մենք թոյլ պիտի չտանք, որ մեր բանակի կերպարը ոչնչացուի, ինչպէս ատիկա թոյլ չտուինք այդ օրը թշնամիին», ըսաւ նախարար Օհանեան:

