Հայաստանէն Բազմաթիւ Համակիրներ Պիտի Մեկնին Քրասնոտար

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ 5 մարտին ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Ռուսիոյ միջեւ Քուպանի մարզադաշտին վրայ, որ կրնայ հիւրընկալել 36 հազար համակիր:

ArmSport.am-ի թղթակից Հայկ Յովհաննիսեան, որ զրուցած է Հայաստանի ֆութպոլի համակիրներուն եւ ՖԱՖ-ի հիմնադիր անդամ Սերկէյ Ջանջոյեանի հետ, տեղեկացած է, որ Հայաստանէն բազմաթիւ համակիրներ պիտի մեկնին Քրասնոտար` այս մրցումին ներկայ գտնուելու համար:

Share this Article
CATEGORIES