Ճատրակ. Արոնեան Կը Մասնակցի Ցիւրիխի Միջազգային Մրցաշարքին
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը (Armchess.am) կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 29 յունուարէն 4 փետրուար 2014-ին տեղի ունենալիք Ցիւրիխի (Զուիցերիա) ճատրակի միջազգային մրցաշարքին:
Արոնեանի մրցակիցները պիտի ըլլան աշխարհի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն, աշխարհի նախկին ախոյեան Վիշվանաթան Անանտ, Հիքարու Նաքամուրա, Ֆապիանօ Քարաունա եւ Պորիս Կելֆանտ:
Մրցաշարքին բացման օրը տեղի պիտի ունենայ կայծակնային, իսկ փակման օրը` արագ ճատրակի մրցաշարքը:
CATEGORIES Մարզական

