Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Եթէ ձեր ինքնաշարժով դուրս պիտի ելլէք, նախքան ճամբայ ելլելը` ստուգեցէք մեքենական հարցերը, որպէսզի ճանապարհին անակնկալ խանգարում չունենաք: Զգուշութիւնը անհրաժեշտ է:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ ստեղծագործական շնորհք ունիք, այսօր կրնաք ձեռնարկել աշխատանքի` կեդրոնացած տրամադրութեամբ: Արդիւնքը դրական պիտի ըլլայ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Շատախօս եւ կեղծաւոր անձերէ հեռու մնացէք, երբ կը ճանչնաք անոնց շահամոլ տրամադրութիւնը: Ձեր կարգին, առանց վարանելու, յայտնեցէք, թէ ժամանակ չունիք անիմաստ բաներով զբաղելու: Անկեղծ եղէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեզ պիտի հրաւիրեն վկայութիւն մը տալու` անձի մը գործելակերպին վերաբերեալ: Եթէ լաւ չէք ճանչնար այդ անձը կամ քիչ տեղեկութիւն ունիք անոր գործելակերպին վերաբերեալ, լուռ մնացէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ուրիշին սխալները սրբագրելու պարտաւորութիւն կը զգաք, բայց ըրէք այնպէս, որ առանց վիրաւորելու հասկցնէք անոր սխալը եւ ուղղութիւն տուէք բարեկամաբար:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)»
Զուր տեղ մի՛ վիճիք անձի մը հետ, որուն տրամաբանելու կարողութիւնը շատ տկար է: Այդպիսիները պիտի չկարենան ըմբռնել ձեր միտքը:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Գործի առաջարկ մը պիտի ընդունիք, որ շահաբեր կրնայ ըլալ: Օրը նպաստաւոր է նաեւ այլ հարցեր կարգադրելու` դիւրութեամբ: Մի՛ մտահոգուիք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մանկավարժութիւնը հաճելի ասպարէզ մը կը նկատէք, բայց նոյն ատեն կը խուսաբիք պատասխանատուութենէ: Ձեր միտքը յստակացուցէք, որպէսզի ձեր պարտականութիւնը լաւագոյնս կատարէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Խնճոյքի սեղանի մը շուրջ պիտի գտնուիք` ծանօթ եւ անծանօթ անձերով շրջապատուած: Հաճոյակատար եղէք, եւ ոչ` եսակեդրոն: Վայելեցէք օրուան հաճոյքը:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր աշխատանքը պիտի գնահատուի ձեր մեծաւորներուն կողմէ: Նիւթական եւ բարոյական վարձատրութեան պիտի արժանանք: Օրը նպաստաւոր է ամէն ինչի:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Բնութեան հետ բարեկամ մնացէք, հոն կրնաք ստանալ ձեր փափաքածը: Օրուան ընթացքին մնացէք համերաշխ ձեր շրջանակին մէջ: Լաւատես մնացէք, օրը կ՛ըլլայ արդիւնաւէտ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ուշադիր եղէք ձեր քսակին կամ պայուսակին, որպէսզի զոհը չըլլաք քսակահատներու կամ չարագործներու: Արթուն մնացէք, ոչ անտարբեր:

Share this Article
CATEGORIES