50 Տարի Առաջ (29 Յունուար 1964)

Սայաթ Նովայի 250-ամեակը
Աբգարեան Ազգային Վարժարանին Մէջ

Նոր Ատանայի Աբգարեան ազգային վարժարանի աշակերտութիւնը անցեալ շաբաթ գեղեցիկ հանդիսութեամբ մը նշեց անմահն աշուղ Սայաթ Նովայի մահուան 250-ամեակը:

Սոյն հանդէսը, որուն իրենց լայն մասնակցութիւնը բերած էին նախակրթարանի Ե. եւ Զ. կարգերը, տեղի ունեցաւ 18 յունուարի շաբաթ, կէսօրէ առաջ ժամը 11-12, նախակրթարանի ամբողջ աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմին ներկայութեան:

Տնօրէն Կարօ Գանթարճեան իր բացման խօսքին մէջ շեշտեց Սայաթ Նովայի վաստակին բերած գրական-գեղարուեստական նպաստը` մեր մշակոյթին եւ աւելցուց, թէ այս հանդէսը կազմակերպուած էր յատկապէս վարժարանի աշակերտութեան ծանօթացնելու համար հայ մեծ աշուղին կեանքն ու թանկարժէք գործը: Այնուհետեւ տնօրէնը գործադրութեան դրաւ օրուան գեղարուեստական յայտագիրը` ամբողջովին նուիրուած Սայաթ Նովայի:

Զ. կարգի աշակերտուհի Հռիփսիմէ Տեմիրճեան ըմբռնումով կարդաց «Քամանչա»-ն` արեւմտահայերէնի վերածուած: Ապա նոյն տաղը արտասանեց Սօսի Պարսամեան (Զ.) եւ նոյնը խոր ապրումով մեներգեց Արաքսի Իսպիրեան (Զ.): Ապա Զ. կարգէն հինգ աշակերտուհիներ եւ աշակերտ մը արտասանեցին Սայաթ Նովայի տաղերէն քաղուած վեց ընտիր քառեակներ: Նաեւ յաջորդաբար մեներգեցին` Հուրի Գանթարճեան (Ե. կարգ) «Ուստի՞ կու գաս ղարիբ բլբուլ» եւ Խաթուն Գասապեան (Դ. կարգ) «Քանի վուր ջան իմ»-ը եւ արտասանեցին Ա. կարգէն Արաքսի Վարդանեան` Լեւոն Գարմէնի «Սայեաթ Նովան», Շաքէ Պիւլպիւլեան (Դ.-րդ կարգ) Եղիշէ Չարենցի «Երազ տեսայ»-ն, Սօսէ Գանթարճեան (Զ.), Սիլվա Կապուտիկեանի «Սայեաթ Նովա»-ն եւ Վերժին Մխճեան (Զ.) Յովհաննէս Շիրազի «Սայեաթ Նովային» քերթուածը:

Ի վերջոյ, Կ. Գանթարճեան, ամփոփ, այլ խնամուած ուսումնասիրութեամբ մը աշակերտութեան ներկայացուց «Սայեաթ Նովայի կեանքն ու գործը»: Յիշենք նաեւ, որ հանդէսէն առաջ տեղի ունեցաւ Սայեաթ Նովայի քանի մը լաւագոյն տաղերու երաժշտական ունկնդրութիւնը:

Աբգարեան վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմն ու աշակերտութիւնը, նշելով միջնադարու վերջին հանճարեղ աշուղին մահուան 250-ամեակը, կու գան ապացոյցը տալու, թէ գիտեն գնահատել հայկական մշակոյթի մեծագոյն արժէքները եւ կառչած կը մնան միշտ ազգայնաշունչ դաստիարակութեան, հայ անմահ արժէքներու ոգեկան ուղիով:

ԱԲԳԱՐԵԱՆՑԻ

Տոմսեր

Ա՜խ, Այս Դրամը…

Նիւ Եորքի մէջ երդուեալներու ատեան մը կը դատէ քաղաքապետական պաշտօնատար մը, որ կաշառակերութեամբ կ՛ամբաստանուի:

Ամբաստանեալը կը մերժէ իր դէմ կատարուած մեղադրանքը` առարկելով, որ վկաներու նախնական ունկնդրութեան միջոցին երդուեալներէն ոմանք… կը քնանային եւ չէին լսեր:

Դատաւորը կը մերժէ այս առարկութիւնը ու կը պնդէ, թէ «մարդ մը, որուն աչքերը փակ են, անպայման քնացող մը չէ, եւ ատիկա փաստ չէ, որ խոր հետաքրքրութեամբ չի լսեր իր շրջակայքին մէջ ըսուածները»:

Առայժմ վիճաբանութիւնը կը շարունակուի երդուեալներու քո՞ւն, թէ՞ արթուն վիճակի մէջ տրուած վճիռին շուրջ. իսկ փաստաբանները, որոնք վարպետ են ամենափոքր մանրամասնութիւններ օգտագործելու մէջ, հետեւեալ առարկութիւնները կատարած են ատեանին.

– Շատե՜ր կը լսեն, սակայն իրենց լսածը մէկ ականջէն կը մտնէ միւսէն ելլելու համար…

– Շատեր ալ կը լսեն մաս մը միայն իրենց ըսուածէն եւ կարեւոր նախադասութիւնները փախցնելէ ետք միայն կը վերսկսին հետեւիլ ըսուածներուն:

– Շատեր` «կը լսե՞մ կոր, կը լսեմ կոր» կը յայտարարեն, սակայն իրենց մտքին մէջ նախապատրաստած կ՛ըլլան արդէն այն պատասխանը, զոր պիտի տան, առանց լսելու իսկ իրենց ըսուածները:

– Շատեր ալ կան, որոնք մինչ մէկ կողմէ խօսակցութեան մը իբր թէ «կը հետեւին», իրապէս սակայն իրենց միտքը ուրիշ տեղ է, եւ կը մտմտան, թէ ի՜նչ ապուր կերանք հոս գալով եւ այս բոլոր չսուելիքները լսելու հարկադրանքին տակ մտնելով…

Նիւ Եորքի դատաւորը «ունկնդիր հասարակութեան» այս զանազան դասակարգերուն ծանօթանալէ ետք զայրացկոտ յայտարարած է փաստաբաններուն.

– Իսկ ձեր յաճախորդը կաշառք ստացած միջոցին քո՞ւն էր, թէ՞ արթուն:

– Անպայման եւ առնուազն կը քնանար իր խի՛ղճը ու հակառակ իր կամքին` կը խռկար…

Ա՜խ, այս դրամը ի՜նչ խիղճեր կը քնացնէ եւ ի՜նչ խեղճեր կ՛արթնցնէ` «մարդ» դարձնելով:

Հե՜ղ մը Բարեգործականի պորտին հարցնէին…

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

Share this Article
CATEGORIES