Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Արդի Կրթական Կարելիութիւններ`
Գիւղաբնակ Մանուկներուն

IMG_8467«Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ, վերաբացուած է Արտենի համայնքի տարրական դպրոցի վերանորոգուած մասնաշէնքը: «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը 7 միլիոն դրամ տրամադրած է` դպրոցին մէջ ստեղծագործարան հիմնադրելու համար:

Նշենք, որ «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի և «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի (COAF) համագործակցութեան շնորհիւ իրականացաւ Արտենի համայնքի մանուկներուն երկար սպասուած երազանքը` վերաբացուեցաւ համայնքի վերանորոգուած տարրական դպրոցի մասնաշէնքը: «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի նիւթական օժանդակութեամբ հոն հիմնադրուեցաւ ստեղծագործարան, որմէ պիտի օգտուին դպրոցի բոլոր աշակերտները: «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը վերանորոգած է դասարանները եւ հիմնած է ատամներու մաքրութեան կեդրոն:

Ստեղծագործարանը կը համապատասխանէ ժամանակակից կրթական պահանջներուն: Անիկա օժտուած է ելեկտրոնային գրատախտակով (սմարթ պորտ), ժամանակակից համակարգիչներով, ինչպէս նաեւ յատուկ շարժական կահոյքով: Վերջինս աշակերտներուն կարելիութիւն կու տայ կատարելու ինչպէս անհատական, այնպէս ալ զոյգերով կամ խմբային աշխատանք: Այսպիսի միջավայրը կարելի կը դարձնէ բազմանպատակ գործունէութեան իրականացումը, տարբեր աշխատանքներու համադրումը, համակարգիչի օգտագործումը եւ արհեստագիտութեան կիրարկումով դասը, քննարկումը, դասախօսութիւնը, ընթերցանութիւնը եւ խաղը:

Նշենք, որ Արտենիի ստեղծագործարանը երկրորդ կրթական սրահն է, որ շահագործման կը յանձնուի «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի եւ «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք: 2013-ի սեպտեմբերէն նոյնանման ծրագիր իրականացած է նաեւ Արմաւիրի մարզի Սարդարապատ համայնքին մէջ:

«Ստեղծագործականութիւնը խթանող ժամանակակից միջոցներ տրամադրելով գիւղի դպրոցին` կը նպատակադրենք օգնել փոքրիկներուն` բացայայտելու եւ զարգացնելու իրենց ունակութիւնները: Պէտք է խելացի սերունդ դաստիարակենք, եւ այս առումով շատ կարեւոր է, որ ստեղծագործականութիւնը խթանող ժամանակակից գործիքները հաւասարապէս հասանելի ըլլան թէ՛ քաղաքի, եւ թէ՛ գիւղի երեխաներուն», նշած է «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

«Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Անուշ Եդիգարեան տեղեկացուցած է, թէ` «Հայաստանի մէջ ստեղծագործարաններու հիմնադրման եւ տարածման գաղափարը «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամին կը պատկանի: Ան կը նպատակադրէ` ուսման համար գրաւիչ եւ նպաստաւոր միջավայրի ապահովումը: Նկատի առնելով Արտենիի մէջ ենթակառուցուածքներու բարելաւման անհրաժեշտութիւնը, որոշեցինք վերանորոգել համայնքի տարրական դպրոցի մասնաշէնքը, բազմապատկելով ներդրումները եւ ընդլայնելով համագործակցութիւնը մեր գործընկեր «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ին հետ` հաստատելով ստեղծագործարան: Այս ամէնը կարելի դարձաւ հիմնադրամի երկարամեայ բարեկամներ եւ բարերարներ` տէր եւ տիկին Նուպար եւ Աննա Աֆէեաններու աջակցութեամբ: Այսօր վերաբացուած  դպրոցը եւ ստեղծագործարանը արդի կրթական կարելիութիւններ կ՛ընձեռէ երիտասարդ սերունդին»:

Արտենիի տարրական դպրոցը «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամին կողմէ վերանորոգուած ուսումնական 7-րդ եւ հանրային նշանակութեան 18-րդ կառոյցն է` 2004-էն ի վեր: Այսուհետեւ տարրական դպրոցի մօտաւորապէս 100 աշակերտի եւ 15 ուսուցիչի համար դասաժամերը պիտի կազմակերպուին ժամանակակից, յարմարաւէտ միջավայրի մէջ, ինչպէս նաեւ լուսաւոր եւ ջեռուցուած դասարաններուն մէջ:

Պարոյր Սեւակի 90-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ
Ստեփանակերտի Մէջ

Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատի փոքր դահլիճին մէջ «Մուրացան»-ի անուան քաղաքային գրադարանին նախաձեռնութեամբ, կայացած է հայ մեծանուն բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի 90-ամեակին նուիրուած յուշ-ցերեկոյթ:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանած է քաղաքային գրադարանի տնօրէն Մարիա Խաչատրեանը, որ ներկայացուցած է մեծ բանաստեղծին ստեղծագործական գործունէութիւնը եւ կենսագրական ուշագրաւ դրուագները` հաստատելով, որ անոր ձգած ժառանգը անմնացորդ նուիրում էր հայրենիքին, ժողովուրդին եւ մարդուն: «Պարոյր Սեւակը դեռ կենդանութեան օրօք վաստակած էր ժողովուրդին սէրը եւ յարգանքը: Անոր հայրենասիրական ստեղծագործութիւնները կը խտացնէին հայոց անցեալը, ներկան եւ ապագայի նկատմամբ բանաստեղծին մտահոգութիւնները եւ լաւատեսութիւնը: Եւ մինչ Սեւակը իր ստեղծագործական կարելիութիւններուն վերելքը կ՛ապրէր` նոր մտայղացումներով եւ ծրագիրներով, 1971-ի յունիս 17-ին զոհուեցաւ ողբերգական արկածի մը պատճառով», ըսած է Մարիա Խաչատրեան:

Գրական ձեռնարկին մասնակից աշակերտները ասմունքած են մեծ բանաստեղծին ստեղծագործութիւններէն: Ցուցադրուած է նաեւ տեսերիզ մը` Պ. Սեւակի կեանքին եւ գործունէութեան մասին:

Սպասուած Դասագիրքերը Հասան Ախալցխա`
Անբաւարար Թիւով

Յունուար 20-ի երեկոյեան վերջապէս Ախալցխա հասած են հայկական դպրոցներուն համար նախատեսուած մայրենի լեզուի դասագիրքերը: Հակառակ անոր որ առաջին կիսամեակը արդէն աւարտած է, եւ տարիներէ ի վեր հայկական դպրոցները չունէին հայերէնի դասագիրք, դպրոցներուն տնօրէնները յոյսով լեցուեցան եւ անոնք մեծ ոգեւորութեամբ ընդունեցին դասագիրքեր ստանալու լուրը, որ շուտով վերածուեցաւ կրկնակի հիասթափութեան:

Արդարեւ, Ախալցխա հասած դասագիրքերուն թիւը ոչ մէկ ձեւով կը համապատասխանէր դպրոցներուն ներկայացուցած ցանկերուն, որովհետեւ առաքուածները չէին բաւարարեր նոյնիսկ քաղաքի հայկական դպրոցին կարիքը, տակաւին կան շրջանի հայկական գիւղերուն դպրոցները:

Շրջանի հայկական դպրոցներուն տնօրէններէն մէկը «Akhaltskha.Net»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ բոլոր դպրոցները հիասթափած են տուեալ փաստին առիթով եւ չեն կրնար հասկնալ, թէ արդեօք ո՛ւր կորսուած են իրենց գիրքերը, որոնք ամբողջութեամբ չեն հասած Ախալցխա:

Հաղորդենք, որ տեղեկութիւն կայ այն մասին, որ գիրքերուն մէկ մասը սկիզբը տրուած  են Նինոծմինտային եւ Ախալքալաքին, սակայն յստակ չէ, թէ որքանը:

«Սքոլքովօ» Հիմնադրամը Կը Հովանաւորէ
Հինգ Հայ Գիտնականներու Աշխատութիւնը

Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան երկիրներու նորարարութեան համագործակցութեան միջպետական ծրագրի ծիրին մէջ Հայաստանի ներկայացուցած 40 ծրագիրներէն 5-ին համաձայնութիւն տրուած է, եւ անոնք պիտի ներկայացուին ֆինանսաւորման:

Լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Գիտութեան պետական կոմիտէի նախագահ Սամուէլ Յարութիւնեանը: Ան նշած է, որ միջպետական ծրագիրին նախաձեռնողը «Սքոլքովօ» հիմնադրամն է: «Սքոլքովօ»-ի հետ համաձայնագիրը ստորագրուած է անցեալ տարուան ապրիլին: Հայաստան կարելիութիւն ստացաւ մասնակցելու Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան երկիրներու համագործակցութեան միջպետական ծրագրին` աշխուժացնելով համագործակցութիւնը «Սքոլքովօ»-ի հետ: Հաւանութեան արժանացած հինգ ծրագիրները, որ կը վերաբերէին բնական գիտութիւններուն, «Սքոլքովօ» հիմնադրամին կողմէ փորձաքննութեան կ`ուղարկուին միջազգային փորձագէտներուն», դիտել տուած է Յարութիւնեան:

Յայտնենք, որ «Սքոլքովօ» հիմնադրամի ներկայացուցիչները 2012-ին սկսած են աշխատանքի` Ղազախստանի, Պիելոռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ուքրանիոյ մէջ: Աշխատանքը պիտի կատարուի մինչեւ 2020 թուական` Անկախ պետութիւններուն հասարակապետութեան անդամ երկիրներու նորարարութեան համագործակցութեան միջ-պետական ծրագրի ծիրին մէջ:

«Ազգային Շարժանկարի Կեդրոն»-ը
Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած
Երկու Ժապաւէն Պիտի Պատրաստէ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ Հայաստանի «Ազգային շարժանկարի կեդրոն»-ը կը պատրաստուի երկու նոր վաւերագրական ժապաւէն նկարահանելու: Յունուար 23-ին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին Հայաստանի «Ազգային շարժանկարի կեդրոն»-ը տնօրէն Գէորգ Գէորգեան նշեց, որ առաջին ժապաւէնը` բեմադրիչ Վարդան Յովհաննիսեանի «Բանտարկուած հոգիներ»-ը, «Բարս մետիա» ընկերութեան հետ գործակցաբար պիտի պատրաստուի:

Գէորգեան նշած է, որ ժապաւէնին թէ՛ նիւթը եւ թէ՛ բովանդակութիւնը շատ հետաքրքական են:

Երկրորդ նախագիծը «Ման փիքչըրզ»-ի հետ միատեղ իրականացուող «Յիշատակի պատը» վաւերագրական ժապաւէնն է, որ պիտի բեմադրէ Արամ Շահբազեանը:

«Ժապաւէնը կոտորածներէն մազապուրծ եղած հայերուն` աշխարհի տարածքին սփռուելու մասին է, նաեւ այն մասին, որ երկրագունդի տարբեր կէտերուն մէջ կան շատ անուանի հայեր, աշխարհահռչակ երաժիշտներ, պարողներ, գիտութեան բնագաւառի ներկայացուցիչներ, որոնք Ցեղասպանութեան պատճառով հայրենիքէն դուրս ծնած, մեծցած, ապրած եւ ստեղծագործած եմ», ըսած է  «Ազգային շարժանկարի կեդրոն»-ին ղեկավարը:

Ան յայտնած է, որ բացի նշուածէն, Ցեղասպանութեան նիւթով այս երկու շարժապատկերի նախագիծերը պիտի ներկայացուին` անկախ պետական յանձնախումբի որոշումէն: Գէորգեան տեղեկացուցած է, որ 10-րդ «Ոսկիէ ծիրան» շարժապատկերի փառատօնի ծիրին մէջ արտերկրէն հրաւիրուած հեղինակաւոր դատական կազմին հետ ընտրած են Ցեղասպանութեան նուիրուած 37 շարժապատկերի նախագիծեր, որոնցմէ ընտրուած 6-ը ներկայացուած է պետական յանձնախումբի դատին: «Նախագիծերը տակաւին քննարկման հանգրուանի մէջ են, եւ դեռ յայտնի չէ, թէ երբ եւ ինչ ժամկէտի մէջ պիտի ընտրուին», նշած է Գէորգեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ուշ չէ՞ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նուիրուած ժապաւէն նկարահանելու, ան նշած է, որ դեռ կայ մէկ տարիէն աւելի ժամանակ, որ բաւարար է նկարահանումները կատարելու:

«Ազգային շարժանկարի կեդրոն»-ը 2014-ին պիտի աջակցի գեղարուեստական 12 ժապաւէններու նկարահանման: «Ազգային շարժանկարի կեդրոն»-ի պիւտճէն տարեկան կէս միլիոն տոլար է:

Սփիւռքի Նախարարը Կոչ Կ՛ուղղէ` Աշխուժացնելու
«
Նոր Հալէպ»-ի Վերաբերող Հանգանակութիւնը

Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմական կացութեան պատճառով Հայաստան ապաստանած սուրիահայերուն բնակարանի եւ աշխատանքի հարցերը ամբողջովին չեն լուծուած տակաւին, յայտնած է սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան:

Անոր համաձայն, սուրիահայերուն բնակարանային հարցերը լուծելու համար կը շարունակուի «Նոր Հալէպ» թաղամասի շինարարութեան ծրագիրը: «Այս ծրագրին շնորհիւ սուրիահայերը կարելիութիւն կ՛ունենան երեկոները անցընելու միասին եւ պահպանելու արեւմտահայերէնը:  «Նոր Հալէպ» թաղամասը իրականութիւն կրնայ դառնալ, եթէ իւրաքանչիւր հայ երկու տոլարի նուիրատուութիւն կատարէ», նշած է Հ. Յակոբեան:

Սուրիահայերուն համար կառուցուող այս թաղամասը պիտի լուծէ 488 սուրիահայ ընտանիքի կացարանային պայմաններու հարցը:  «Նոր Հալէպ» թաղամասին մէջ մէկ քառակուսի մեթր մակերեսը ամբողջութեամբ պատրաստ բնակարանի համար պիտի արժէ 500-550 տոլար, առանց յարդարման` 350-400 տոլար: Սփիւռքի նախարարը կոչ ուղղած է բոլոր հայ գործարարներուն` աշխատանքի ընդունելու գոնէ մէկ սուրիահայ` անոնց հարցերը որոշակիօրէն լուծելու նպատակով:

Ազգային Ատլասի Անգլերէն Տարբերակը
Կը Պատրաստուի Հրատարակութեան

Ազգային ատլասի Ա. հատորի անգլերէն տարբերակը պիտի հրատարակուի մինչեւ տարեվերջ: Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի կառավարութեան առընթեր անշարժ գոյքի գրանցամատեանի պետական կոմիտէի նախագահի տեղակալ Ֆելիքս Բաշոյեանը: 2013-ին հրատարակուած է Ազգային ատլասի Ա. հատորի անգլերէն տարբերակի մօտ 100 էջ:

«Կ՛աշխատինք անպայման աւարտել այդ աշխատանքները, որովհետեւ անգլերէն հրատարակութիւնը կարեւոր է յատկապէս 2015 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ», նշած է ան:

Հայաստանի Ազգային ատլասի Ա. եւ Բ. հատորները հայերէնով հրատարակուած են 2006-2008: Ատլասի Ա. հատորին մէջ ներկայացուած յատուկ նիւթերու քարտեսներու եւ բացատրական մասի միջոցով պատկերուած են Հայաստանի եւ Հայկական լեռնաշխարհի բնութեան տարբեր ոլորտները:

Ատլասի Բ. հատորին մէջ պատկերուած են Հայաստանի պատմութեան կարեւորագոյն էջերը, մշակոյթի տարբեր ճիւղերը, կրօնի ձեւաւորումը եւ տարածումը, ինչպէս նաեւ` հայկական սփիւռքը եւ անոր տարածման հիմնական օճախները:

Անդրադառնալով գրանցամատեանի քարտեսներուն` Բաշոյեան նշած է, որ 2012-2013 թարմացուած են 24 համայնքներու քարտեսները` դիտել տալով, որ այդ աշխատանքները պիտի շարունակուին:

Երեւանի Մէջ Բացուած Է Առաջին Հակասրճարանը

cafe1Այս օրերուն Երեւանի մէջ բացումը կատարուած է առաջին հակասրճարանին: Խումբ մը խանդավառ երիտասարդներ որոշած են բանալ հաստատութիւն մը, որուն նպատակն է ընկերներու հետ հաճելի ժամանակ անցընելը, ինչպէս նաեւ գործնական հանդիպումներ կայացնելը, նաեւ` առանձնանալը: «Aeon» անունը կրող այս հակասրճարանին յաճախորդներուն կ՛առաջարկուի ո՛չ միայն վայր, այլ նաեւ` ժամանցի բազմաթիւ միջոցներ:

Նման հաստատութիւնները բաւական տարածուած են Եւրոպայի մէջ եւ կը կոչուին «Թայմ քաֆէ», ուր կարելի է որեւէ խաղի մասնակցիլ: Բացի ասկէ, «Aeon»-ը Երեւանի միակ հաստատութիւնն է, ուր կարելի է երթալ ուտելիքով եւ ըմպելիքով:

Հակասրճարանին մէջ պարբերաբար պիտի կազմակերպուին տարբեր խաղեր, ժապաւէններու ցուցադրութիւններ, երաժշտական երեկոներ եւ այլն: Հաստատութիւնը բաժնուած է չորս գօտիի` սրճարան, ուր կարելի է ճաշել, մեծ ձեռնարկներ կազմակերպել, հանգիստի գօտի, ուր կարելի է հանգստանալ եւ կարդալ, սերտել, առեւտուրի գօտի, ուր կարելի է մարզումներ կազմակերպել, աշխատանքային հանդիպումներ կայացնել եւ` պարին շուրջ գտնուող գօտի:

«Մենք որոշեցինք Երեւանի մէջ հակասրճարան բանալ` հիմնուելով մեր իսկ պահանջարկի վրայ: Նախ` երբեմն կը ցանկանք հանդարտ ժամանակ անցընել, իսկ այդպիսի վայրեր Երեւանի մէջ չկան: Մենք անոր համար անհրաժեշտ ամէն ինչ ապահոված ենք: Երկրորդ` կը պատահի, որ ընկերներով կը ցանկանք շարժանկարի դիտումներ, խաղեր, թրէյնինկներ, միացեալ ժողովներ կազմակերպել, հանգիստ միջավայրի մէջ նստիլ` առանց բարձր երաժշտութեան, բայց յարմար տեղ չենք գտներ: Մեր սրճարանը այսպիսի ձեռնարկներ կազմակերպելու կարելիութիւն կ՛ընձեռէ», յայտնած է «Aeon»-ի հիմնադիրներէն Մանուշակ Վահրամեանը:

«Aeon»-ը կը գտնուի Տէրեան փողոցին վրայ: Ցերեկային ժամերուն հոն մէկ ժամը կ՛արժէ 600 դրամ, ժամը վեցէն ետք` 1000 դրամ: Փոխարէնը` այցելուներուն կը հրամցուի անսահմանափակ քանակութեամբ թէյ, սուրճ, թխուածք եւ այլ թեթեւ խորտիկներ: Ինչպէս արդէն նշեցինք, այցելուները կրնան նաեւ իրենց հետ ուտելիք եւ ըմպելիք բերել: Որոշ օրերու հաստատութեան մէջ կարելի է նաեւ ոգելից ըմպելիներ ձեռք բերել: Բաց տարածութեան մէջ ծխելը արգիլուած է, սակայն ծխողներուն համար սրճարանին մէջ յատուկ գօտի կայ:

«Aeon» թարգմանաբար կը նշանակէ յաւերժութիւն, անվերջութիւն: Մեր սրճարանին համար ընտրեցինք այս անուանումը, որովհետեւ նախ` մենք ժամանակաւորապէս «վարձած ենք», եւ երկրորդ` կը փափաքինք այցելուներուն համար այնպիսի ժամանց կազմակերպել, որպէսզի ժամանակը անոնց համար հաճելի ըլլայ եւ աննկատ անցնի», նշած է Մանուշակ Վահրամեան:

Viva-cell-logo1

Share this Article
CATEGORIES