Ժընեւի Մէջ Երէկուան Բանակցութիւնները Անելի Մատնուեցան
Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի միջնորդութեամբ Սուրիոյ կառավարական ու ընդդիմադիր պատուիրակութեանց միջեւ Ժընեւի մէջ երէկուան բանակցութիւններու առաւօտեան նիստին ընթացքին անել կացութիւն մը ստեղծուեցաւ, որուն պատճառով ալ երեկոյեան նախատեսուած Իպրահիմիի հետ անջատ հանդիպումները ջնջուեցան:
Ընդդիմութեան պատուիրակութենէն Ռիմա Ֆլէյհան ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «վարչակարգը որեւէ նիւթի շուրջ չի գործակցիր, ո՛չ մարդասիրական հարցերու եւ ո՛չ ալ փոխանցման կառավարութեան հարցով»:
Իպրահիմի ընդունեց, որ բանակցութիւնները տակաւին «մեծ արդիւնք չտուին»: Ան նաեւ ըսաւ, որ Հոմսի մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու փորձերուն մէջ բեկում չէ արձանագրուած` աւելցնելով, որ երկու պատուիրակութիւններուն միջեւ բանակցութիւնները այսօր պիտի շարունակուին:
«Բանակցութիւններուն մէջ մինչեւ հիմա որեւէ բեկում չարձանագրուեցաւ, սակայն այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատին, ինչ որ լաւ է», ըսաւ ան:
Իպրահիմի յայտնեց, որ «Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը յաջողութեամբ պսակելու հարցով լուրջ են, եւ ապագային պիտի ձգտինք գործակցելու Իրանի հետ, որպէսզի իր դերը կատարէ»:
Ան ընդգծեց, որ «Քոնկրեսի` ընդդիմութիւնը զինելուն հաւանութիւն տալը Ուաշինկթընի պաշտօնական կեցուածքը չ՛արտայայտեր»` նշելով, որ սուրիական կառավարական պատուիրակութիւնը բուռն կերպով առարկած է այդ որոշումին:
Կառավարութիւնը առաջարկած է կիներուն եւ մանուկներուն ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններէն հեռանալը արտօնել եւ այր մարդոց ապահով անցք ապահովել, եթէ կառավարութեան փոխանցուի անոնց անուանացանկը: Սակայն ընդդիմութիւնը մերժած է այս առաջարկը` զայն նկատելով իր համակիրները ձերբակալելու եւ տեղահանելու փորձ մը:
Ժընեւի մէջ բանակցութեանց երրորդ օրուան նիստը ընդհատուեցաւ, երբ կառավարութեան ներկայացուցիչները ներկայացուցին «հիմնարար սկզբունքներու յայտարարութիւն» մը, որ քաղաքական փոխանցման չէր ակնարկեր:
Սուրիոյ նախագահի քաղաքական խորհրդական Պուսայնա Շաապան յայտնեց, որ նշեալ սկզբունքներուն շարքին են Սուրիոյ գերիշխանութիւնը պաշտպանել, պետական հաստատութիւնները պահպանել եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու վտանգին վերջ տալ: Ըստ ԱՖՓ-ի, կառավարութեան առաջարկը նաեւ կը բովանդակէր «Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներուն զէնքի մատակարարումը վերսկսելու» Միացեալ Նահանգներու որոշումին դատապարտում մը: «Մենք զարմացանք, երբ այս հիմնական սկզբունքը հակառակորդ կողմէն մերժուեցաւ», ըսաւ Շաապան` աւելցնելով, որ չափաւորական ընդդիմութեան զէնք մատակարարելու ամերիկեան որոշումը Ռուսիոյ թափած ջանքերուն կը հակասէ:
Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքի Դամասկոսի մէջ յայտարարեց, որ բանակցութեանց ընթացքին ներկայացուած հիմնարար սկզբունքները «ազգային հիմնարար սկզբունքներուն մաս կը կազմեն» եւ «սուրիացի ժողովուրդին համար իսկական առաջնահերթութիւն մը կը ներկայացնեն»:
Միւս կողմէ, «Նաշրա» կայքէջը երէկ հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ խմբաւորումը Հալէպի նահանգի հիւսիսային շրջաններուն մէջ յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ եւ Իսլամական ճակատի զինեալները վտարելէ ետք գրաւած է նահանգի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Սուսիան գիւղը:

