Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան Նախարարը Թուրքիա Իր Այցելութիւնը Չեղեալ Յայտարարած Է
«Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլի Թուրքիա այցելութիւնը չեղեալ յայտարարուած է:
Ըստ տեղեկատուութեան, այցելութիւնը չեղեալ յայտարարելու պատճառները տակաւին յայտնի չեն: Կը նախատեսուէր, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը Թուրքիա այցելէր 27 յունուարին:
CATEGORIES Միջազգային

