Արսլան. «Շրջանին Մէջ Տիրող Հաւատադրժողական Մթնոլորտը Իսկական Վտանգ Կը Սպառնայ Համաշխարհային Կայունութեան»

talal-arslanԼիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան իրանեան ԻՐՆԱ պաշտօնական լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ շրջանին մէջ տիրող հաւատադրժողական մթնոլորտը իսկական վտանգ կը սպառնայ համաշխարհային կայունութեան:

Ան բարձր գնահատեց Դիմադրութեան առաքելութիւնը` նշելով նաեւ անոր նկատմամբ Իրանի զօրակցութիւնը:

Այս շրջագիծին մէջ Արսլան գնահատեց Թեհրանի շրջանային եւ միջազգային դերակատարութիւնը:

Նշենք, որ Արսլան քառօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Իրան. անոր ընկերակցեցան պետական նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Խէյրէտտին, կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ուալիտ Պարաքաթ եւ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի նախագահ Նեսիպ Ժաուհարի:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )