Պըրրի Օրէնսդրական Նիստը Յետաձգեց 4 Մարտին

Խալիլ, Ապու Ֆաուր եւ Պըրրի

Խալիլ, Ապու Ֆաուր եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը յետաձգեց 4 մարտ 2014-ին` երեսփոխաններու բաւարար թիւի չգոյութեան պատճառով: Օրէնսդրական նիստին քննարկելիք օրակարգը կը մնայ նոյնը:

Միւս կողմէ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլի:

Քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

Share this Article
CATEGORIES