Միշել Մըր Կոչ Կ՛ուղղէ Շրջանցելու Անձնական Շահերը Եւ Համոզուելու, Որ Օրէնքն Ու Պետութիւնը Փրկութեան Միակ Լաստերն Են

Michel MurrՀանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ընդառաջեց երեսփոխան Միշել Մըրի կողմէ ուղղուած հրաւէրին, որուն ծիրին մէջ ան մեծարեց «Ինթըրփոլ»-ի նոր նախագահը` Էլիաս Մըրը եւ «Ինթըրփոլ»-ի ընդհանուր քարտուղար Ռոնալտ Նոպելը:

Մեծարանքի հաւաքը տեղի ունեցաւ Միշել Մըրի Ռապիէի բնակարանին մէջ: Ներկայ էին Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ Ռանտա Պըրրի, նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել, Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի, Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, ներքին ապահովութեան ուժերու պատասխանատուներ, դատախազներ, Դրամատուներու միութեան նախագահ Ֆրանսուա Պասիլ, Մեթնի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Միրնա Մըր-Ապու Շարաֆ, «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանի ընդհանուր տնօրէն Փիեռ Տահեր, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի սեփականատէր-ընդհանուր տնօրէն Թահսին Խայաթ եւ «Էմ. Թի. Վի.» կայանի ծրագիրներու ընդհանուր տնօրէն Ղայաս Եազպեք:

Մըր իր խօսքը ուղղելով նախագահ Սլէյմանին յայտնեց, որ հակառակ հրաժարեալ կառավարութեան դրութեան, ան ամէն ջանք ի գործ դրած է Լիբանանը հեռու պահելու ներքին բախումներէ եւ շրջանին փոթորիկներէն, ինչպէս նաեւ որդեգրած է ազգային յանդուգն կեցուածքներ, որոնք ծառայած են Լիբանանի գերագոյն շահերուն:

«Ապահովութեան ուժերուն ու բանակին տրուած ձեր ցուցմունքները եւ քաղաքական հովանաւորութիւնը նաեւ կարեւոր էին, որպէսզի անոնք շարունակէին իրենց պարտականութիւնը ամբողջական կերպով կատարել, որպէսզի կառավարութեան բացթողումը կարելի ըլլայ յաղթահարել», ըսաւ ան:

Մըր մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական վատթար իրավիճակին համար` շեշտելով, որ անիկա կը սպառնայ լիբանանեան քաղաքացիական անվտանգութեան: «Լիբանանեան պետութիւնը, նախագահը եւ ապահովութեան ուժերը տիրող իրավիճակը կրնան դիմագրաւել եւ երկիրն ու քաղաքացիները հաւանական վտանգներէ փրկել այն ժամանակ միայն, երբ բոլորը` քաղաքացիներ, պետական այրեր, քաղաքական ուժեր եւ լրագրողներ կը շրջանցեն իրենց անձնական շահերը եւ կը համոզուին, որ օրէնքն ու պետութիւնը փրկութեան միակ լաստերն են, հետեւաբար պէտք է անոնց նեցուկ կանգնիլ», շեշտեց Մըր:

Ան ողջունեց բանակը, ներքին ապահովութեան ուժերը, ընդհանուր ապահովութեան ուժերն ու պետական անվտանգութեան պաշտպան ուժերը` անոնց դերակատարութեան համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES