Զօր. Աուն. «Օրինազանցութեան Գագաթնակէտն Է, Երբ Ոեւէ Պատասխանատու Ժողովուրդին Կ՛ուղղէ Կատարուած Իրողութեան Կառավարութիւն Մը Կազմելու Սպառնալիքը»

Զօր. Աունի մամլոյ ասուլիսէն պահ մը
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները, որոնք ժողովրդավարութիւն կը կիրարկեն, իրենց կառավարիչներուն կը պարտադրեն յարգել սահմանադրութիւնը:
«Երբ մենք կը գտնուինք քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ մերձեցման մթնոլորտին մէջ, կը տեսնենք, որ ոմանք հակառակ կերպով կը վարուին, եւ որովհետեւ մեր միտքերը կ՛ուղղուին դէպի արդի քաղաքացիական պետութեան հիմնում, կը զարմանանք այնպիսի պատասխաններով, որոնք մեզի դէպի անցեալ կը տանին», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն յայտնեց, որ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ այսօր կը խաղայ առողջ կերպով կառավարութիւն մը կազմելու չափանիշներով:
«Տարբեր պատճառներու համար խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգուեցաւ, Սահմանադրական խորհուրդին նիստերը արգիլուեցան, որպէսզի խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին դէմ ներկայացուած վիճարկումները չքննարկուին, իսկ սահմանադրութիւնը մնայուն կերպով կը խախտուի` տարբեր մարզերու մէջ երկարաձգելով որոշ պաշտօնեաներու պաշտօնավարութիւնը: Մեր ճակատագիրը այն է, որ մենք միշտ թիրախ կը դառնանք երկրին սահմանադրական իշխանութիւններուն վերաբերող իւրաքանչիւր կարեւոր եւ անկիւնադարձային հանգրուանի ընթացքին: Իսկ մեր ընտրանքը պիտի ըլլայ այն, որ մենք մերժենք այս իրավիճակը` պահպանելու համար երկրին եւ պետութեան ապահովութիւնը», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն ընդգծեց, որ երկրին սահմանադրութիւնն ու օրէնքները ոտնակոխելու սովորութիւնը տապալած է իշխանութեան գործադրութիւնը:
«Օրինազանցութեան գագաթնակէտն է, երբ ոեւէ պատասխանատու ժողովուրդին կ՛ուղղէ կատարուած իրողութեան կառավարութիւն մը կազմելու սպառնալիքը, որովհետեւ ան չի գիտեր, թէ իր նշանակումէն տասը ամիս ետք կառավարութիւն մը կազմելու անկարողութիւնը վերջ կը դնէ իր նշանակումին եւ կ՛ենթադրէ հրաժարիլ այդ պարտականութենէն: Սահմանադրութեան եւ Ազգային ուխտի շրջագիծէն դուրս որեւէ կառավարութիւն կը նկատուի ապօրինի կառավարութիւն մը եւ այս հիման վրայ է, որ կը ճշդուի համախմբումին կեցուածքը», եզրափակեց զօր. Աուն:

