Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Նազեմ Խուրին

Նախագահ Սլէյման եւ Խուրի

Նախագահ Սլէյման եւ Խուրի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց կենսոլորտի նախարարի պաշտօնակատար Նազեմ Խուրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Ապիճանի լիբանանեան գաղութը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Ափրիկէի մէջ գտնուող արտերկրի լիբանանցիներուն իրավիճակը եւ այդ երկիրներուն ղեկավարներուն ու կառավարիչներուն հետ անոնց ունեցած յարաբերութիւնները:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ թունուզցի իր պաշտօնակիցին` Մունսեֆ Մարզուքիի հետ եւ շնորհաւորեց զայն` երկրին նոր սահմանադրութեան վաւերացումին առիթով, ինչպէս նաեւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց անոր` Թունուզին մաղթելով բարգաւաճում եւ կայունութիւն:

 

Share this Article
CATEGORIES