Նիքոլա Սահնաուի Ստորագրեց Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներուն Յատուկ Դրոշմաթուղթ Հրապարակելու Որոշումը
Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Սահնաուի երէկ ստորագրեց Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յատուկ դրոշմաթուղթ հրապարակելու որոշումը:
Սահնաուիի ցուցմունքներով նախարարութիւնը պիտի տպէ այդ դրոշմաթուղթը, որ կը կրէ Մեծ եղեռնի զոհերուն յիշատակին կանգնեցուած Պիքֆայայի յուշարձանին լուսանկարը:
Կը նախատեսուի, որ ամիս մը ետք դրոշմաթուղթը շրջանառութեան մէջ դրուի:
CATEGORIES Լիբանանեան

