Վարազդատ Հարոյեան Վերադարձաւ Երեւան
Երէկ` երեքշաբթի, 28 յունուարին, Տուպայէն Երեւան վերադարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Փիւնիկի յետսապահ Վարազդատ Հարոյեան` վերջին երկու շաբաթներուն ռուսական Ռոսթովի հետ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ ուսումնամարզական հաւաքի մասնակցելէ ետք:
ArmSport.am կը նշէ, որ ռուսական ակումբը իր մարզիկներուն քանի մը օր հանգստանալու կարելիութիւն տուած է` նկատի ունենալով, որ 1 փետրուարին խումբը Կիպրոսի մէջ պիտի սկսի երկրորդ ուսումնամարզական հաւաքի մը:
Լաւատեղեակ աղբիւրներու համաձայն, Ռոսթով կ՛ուզէ պայմանագրութիւն մը ստորագրել Հարոյեանի հետ: Այս գծով աշխատանքները կը շարունակուին:
CATEGORIES Մարզական

