«Սքուտերիա» Լիբանան. Ներկայացուեցաւ «Ֆեռարի 458-Սփեսիալ»-ը
Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որուն հրաւիրուած էին պաշտօնական անձնաւորութիւններ, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ, Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի «Ֆեռարի»-ի մասնաճիւղը «Սքուտերիա» Լիբանանի ներկայացուցիչներուն հետ միասին պաշտօնապէս յայտարարեցին «Ֆեռարի»-ի ներածման համաձայնագիրին կնքումը:
Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի «Ֆեռարի»-ի մասնաճիւղի ընդհանուր տնօրէն Ճուլիօ Զաունըր, շնորհաւորեց «Սքուտերիա» Լիբանանի սեփականատէր Հասսան Հայտարը` անոր առած այս քայլին համար, որ բնականաբար կը զարգացնէ միջազգային ճանաչում ունեցող այս վաճառանիշին յառաջընթացը` Լիբանանի մարզական եւ ի մասնաւորի ինքնաշարժներու աշխարհին մէջ:
Աւարտին ներկայացուեցաւ «Ֆեռարի 458-սփեսիալ»-ը, որ անոր վերջին արտադրութիւնն է:
CATEGORIES Մարզական

