Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Պէյրութի Դրամատունը Հանդիսացաւ Լիբանանի Ախոյեան
Երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի 5-րդ եւ վերջին մրցումը` նախորդ տարեշրջանի ախոյեան Սատաքայի եւ Պէյրութի դրամատան միջեւ:
Մրցումին արդիւնքը վճռուեցաւ փենալթիներով` նկատի ունենալով, որ նոյնիսկ երկարաձգումն ալ աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով:
Պէյրութի դրամատունը 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան` 3-2 արդիւնքով յառաջանալով Սատաքայի վրայ, հինգերորդ մրցումէն ետք:
Աւարտին, Պէյրութի դրամատունը ստացաւ իր տիտղոսը` Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ներկայացուցիչ Ժորժ Շահինէն:
CATEGORIES Մարզական

