Լիբանանի Պասքեթպոլի Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ-ի 2013-2014 Տարեշրջանի Առաջին Մրցակիցը` Ռիատի

Ինչպէս ծանօթ է, ուրբաթ, 31 յունուար 2014-ին կը սկսի Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2013-2014 տարեշրջանը` Ամշիթ – Սաժես բացման մրցումով:

Նախապէս արդէն իսկ հաղորդած էինք, որ ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ մասնակցութեամբ տասը խումբերու` նկատի ունենալով, որ Անդրանիկ Պէյրութ եւ Անիպալ Զահլէ քաշուեցան ախոյեանութենէն:

Այդ տասը խումբերն են` Ամշիթ, Սաժես, Ռիատի, ՀՄԸՄ, Հուփս, Պիպլոս, Մութթահետ, Պըժժէ, Թատամոն եւ Շանվիլ:

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովէն ետք հրապարակեց երթի մրցումներուն ամբողջական յայտագիրը, թէեւ պէտք է նկատի ունենալ այն կէտը, որ կարգ մը մրցումներ ենթակայ կրնան ըլլալ փոփոխութիւններու, եթէ պատահի, որ ուղղակիօրէն պատկերասփռելու կարիքը ըլլայ:

Ինչ կը վերաբերի մրցումներուն ուղղակիօրէն պատկերասփռումին, անիկա դարձեալ պիտի ստանձնէ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանը:

ՀՄԸՄ, որ տասը տարուան բացակայութենէ մը ետք վերստին կը գտնուի Ա. դասակարգին մէջ, տարեշրջանի իր առաջին մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 1 փետրուար 2014-ին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Մանարայի մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Ռիատիի:

2-րդ հանգրուանին եւս ՀՄԸՄ պիտի մրցի իր դաշտէն դուրս, ապա խումբը մինչեւ երթի մրցումներուն աւարտը մրցում մը պիտի կատարէ իր դաշտին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, մրցում մը` օտար դաշտի վրայ:

ՀՄԸՄ Սաժեսի դէմ պիտի մրցի կիրակի, 16 փետրուարին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ:

Նշենք, որ երթի 9 մրցումներէն 4-ը տեղի պիտի ունենան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ:

Ստորեւ կու տանք երթի մրցումներուն ամբողջական յայտագիրը.

A

 

 

 

 

B

 

 

 

 

 

C

D

E

I

Share this Article
CATEGORIES