ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Միջմասնաճիւղային Մրցաշարք. Շաբաթավերջին Կ՛աւարտին Ա. Հանգրուանի Մրցումները
Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենան ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի միջմասնաճիւղային երկրորդական խումբերու (97-98-ի ծնունդ) մրցումները: Անոնց Ա. հանգրուանի մրցումները կ՛աւարտին այս շաբաթավերջին, եւ բնականաբար յստակացած կ՛ըլլան Բ. հանգրուանի` կիսաւարտականի մրցումներուն մասնակցող խումբերուն անունները:
Ստորեւ կու տանք նախորդ շաբաթավերջին կատարուած մրցումներուն արդիւնքները.
Աղբալեան – Սերոբ Աղբիւր 5-5
Լէյլաւան – Սարդարապատ 1-8
Դանիէլ Վարուժան – Եղիշէ Չարենց (յետաձգուած)
CATEGORIES Մարզական

