ԼԻՈՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ԻՐ ՆՈՐ ՄԱՐԶԻՉԸ
Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ Լիոն յայտարարեց, որ 45 տարեկան Ռեմի Կարտ նշանակուեցաւ խումբի նոր մարզիչ` ստանձնելու համար խումբէն հեռացած Քլոտ Փիւյելի պաշտօնը:
1987-էն 1993 վեց տարի Լիոնի հետ իբրեւ ֆութպոլիստ դաշտ ներկայացած Ռեմի, իբրեւ գլխաւոր մարզիչ նախապէս որեւէ փորձառութիւն չէ ունեցած:
Սակայն ան նախապէս եղած է Լիոնի օգնական մարզիչ, ինչպէս նաեւ խումբին կատարած փորձերուն ընթացքին ստանձնած է թեքնիք պատասխանատուի պաշտօնը:
Լիոնի նախագահ Ժան-Միշել Օլաս ըսաւ, որ ակումբը մեծ վստահութիւն ունի իր նոր մարզիչին նկատմամբ եւ յոյսով է, որ ան կը վերադարձնէ անոր անցեալի օրերը:
Նշենք, որ Լիոն 2002-էն 2008 յաջորդաբար եօթը անգամ հանդիսացաւ Ֆրանսայի ախոյեան:
CATEGORIES Մարզական


