Ա. ԷՍ. ՌՈՄԱ Կ՛ՈՒԶԷ ԻՐ ԿԱԶՄԻՆ ՄԻԱՑՆԵԼ ՊՈԺԱՆ ՔՐՔԻՉԸ
Եւրոպայի ախոյեան Պարսելոնա յայտնեց, որ իր սպանացի յառաջապահին` Պոժան Քրքիչին համար Ա. Էս. Ռոմայէն ստացած է առաջարկ մը, սակայն այդ ուղղութեամբ ցարդ որոշում մը չէ տուած:
20 տարեկան Քրքիչ, որ մաս կը կազմէ Պարսայի երիտասարդներու խումբին, նախորդ տարեշրջանին առիթ ունեցաւ որոշ մրցումներու դաշտ ներկայանալ «Լա Լիկա»ի 2010-2011 տարեշրջանին:
Նշենք, որ ան այժմ Սպանիոյ 21 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային խումբին հետ Դանիոյ մէջ կը մասնակցի Եւրոպայի ախոյեանութեան:
Ա. Էս. Ռոմայի նոր մարզիչ Լուիս Էնրիքէ, որ նախապէս Պարսելոնայի Բ. խումբին մարզիչն էր, իր ամէն կարելին կը փորձէ զօրացնելու համար իր կազմը:
CATEGORIES Մարզական

