Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Զգայազրկում» (Անեսթեզիա) Նիւթով Դասախօսութիւն

Տոքթ. Սիլվա Արուստամեան-Վահանեան

Տոքթ. Սիլվա Արուստամեան-Վահանեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 29 յունուար 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Զգայազրկում» (Անեսթեզիա) նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց վիրաբուժական զգայազերծումի մասնագէտ տոքթ. Սիլվա Արուստամեան-Վահանեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան, որ ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը, նշեց, թէ զգայազրկումը յատկապէս բժշկական գործողութիւններու բաժինին մէջ ունի իր կենսական անհրաժեշտ դերը եւ տեղը, որ գործողութենէն առաջ, ընթացքին եւ գործողութենէն ետք հիւանդին կ՛ապահովէ բժշկականօրէն բարենպաստ պայմաններ` ենթարկուելու գործողութեան:

Տոքթ. Սիլվա Արուստամեան-Վահանեան սկսաւ դասախօսութեան` բացատրելով ու սահմանելով  անեսթեզիա բառը (զգայազրկում): Յունարէնէ սեռած այս բառը կը նշանակէ առանց զգալու, ուր զգացական համակարգը ժամանակապէս դադրած է: Զգայազրկման գործողութեան ընթացքին կը գործածուին տարբեր միջոցներ, որոնք կը նպաստեն առանց ցաւի զգացումի ենթարկուելու գործողութեան:

Դասախօսը յաջորդ բաժինով ներկայացուց զգայազրկման գործողութեան պատմականը` յիշելով, որ Քրիստոսէ 100 տարի առաջ պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս պատահականօրէն համտեսելով դաշտերու մէջ աճած բոյս մը, անհատին մօտ յառաջացաւ թոյլ ու թմրած զգացում մը: Յունա-հռոմէական տարբեր բժշկական աղբիւրներ կը յիշեն զանազան բոյսերու գործածութիւնը, ինչպէս Սոլանիոմը եւ Օփիոմը: 19-րդ դարուն ամերիկացիները կ՛օգտագործեն քոքան` իբրեւ զգայազրկիչ միջոց: Անոնք ծամելով ու թքելով գործողութեան կամ վէրքի վայրը կը կատարէին տարբեր վիրահատումներ ու գործողութիւններ:

Առաջին ազդեցիկ զգայազրկիչը` քոքայինը 1884-ին օգտագործեց Քարլ Քոլլըր:

Շնչառական ճամբով առաջին զգայազրկիչը օգտագործեց ատամնաբուժ Ուիլիըմ Մորթըն` գործողութեան ընթացքին:

Տոքթ. Սիլվա Արուստամեան-Վահանեան նշեց, թէ կան գլխաւորաբար երկու տեսակի զգայազրկումներ: Ա) տեղայնական, բ) ընդհանուր: Տեղայնական զգայազրկումը կ՛ազդէ ժամանակաւորապէս դադրեցնելով զանազան զգացումները մարմնի վրայ ճշդուած բաժինի մը: Ընդհանուր զգայազրկումը կը ներառէ ուղեղը` ազդելով գիտակցութեան եւ զգացումներու վրայ:

Դասախօսը թուեց տարբեր նիւթեր, որոնք կը գործածուին զգայազրկման գործողութեան ընթացքին` բացատրելով մարմնին մէջ անոնց ներգործութեան հոլովոյթը:

Այս բաժինին մէջ ներկայիս կ՛օգտագործուին կատարելագործուած կազմածներ, որոնք ամբողջականօրէն ու շարունակաբար կ՛ապահովեն զգայազրկման պայմանները վիրահատութեան ենթարկուող անհատին:

Բժիշկը, իրեն հետ ունենալով փոքր կազմածներ եւ զանազան իրեր, որոնք կ՛օգտագործուին զգայազրկման ընթացքին, զանոնք ցուցադրեց ներկաներուն` տալով բացատրութիւններ ու լուսաբանութիւններ:

Աւարտին ան կրկին շեշտեց զգայազրկման (անեսթեզիայի) անհրաժեշտութիւնը եւ պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES