100-Ամեակի Մարմինը Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին
Երեքշաբթի երեկոյեան, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:
Վեհափառ հայրապետը նախ տեղեկացաւ 100-ամեակի տարուան համար մարմինին նախատեսած տարբեր բնոյթի ծրագիրներուն, որմէ ետք կատարեց հիմնական թելադրանքներ` աշխատանքներուն ընդհանուր ուղղուածութիւնը ճշդելու պահանջատիրութեան շեշտադրումով:
Կարեւոր նկատելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կատարած դերը Ցեղասպանութենէն ետք, ինչպէս նաեւ ազգային, հոգեւոր եւ մշակութային մարզերուն մէջ պահանջատիրութեան ուղղութեամբ ունեցած նկատառելի դերակատարութիւնը, 100-ամեակի մարմինը վեհափառ հայրապետին կատարեց առաջարկներ համատեղ ծրագիրներ իրականացնելու կարելիութիւններու շուրջ:

