Ռուհանի. «Հիւլէական Մարզին Մէջ Իրանի Գործունէութիւնը Եղած Է Եւ Կը Շարունակէ Մնալ Խաղաղ Բնոյթի»

Հասան Ռուհանի

Հասան Ռուհանի

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի ՄԱԿ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Անանի հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է, որ հիւլէական մարզին մէջ Իրանի գործունէութիւնը եղած է եւ կը շարունակէ մնալ խաղաղ բնոյթի:

«Իրանի հիւլէական ծրագիրը չի հետապնդեր որեւէ շահ, որ դուրս է հիւլէական զէնքի տարածման կանխարգիլման մասին համաձայնագիրի ծիրէն», ըսած է ան:

Ըստ անոր, եթէ միւս կողմերը լուրջ կամք եւ վճռականութիւն դրսեւորեն, ապա հիւլէական ծրագիրի հարցին շուրջ վերջնական համաձայնագիրը կրնայ կնքուիլ ամէնէն մօտ ժամանակին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է նաեւ Սուրիոյ տագնապին հարցը: Անան նշած է, որ աշխարհը պէտք է սուրիական տագնապի լուծման քաղաքական ճամբան գտնէ, եւ վերջ դրուի երկրին մէջ տեղի ունեցող սպանութիւններուն:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Քոնկրեսին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «ամերիկեան դիւանագիտութիւնը կրցաւ իրանեան հիւլէական ծրագիրը զսպել եւ Իրան սկսաւ ձերբազատիլ բարձր համեմատութեամբ հարստացուած իւրանիոմէն: Բանակցութիւնները կը շարունակենք տեսնելու համար, եթէ կրնանք Իրանի հիւլէական զէնքի չտիրանալուն հասնիլ»:

«Գիտենք, որ Իրան մեր դաշնակիցներուն սպառնացող Հըզպալլայի նման ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կ՛աջակցի եւ մեր երկիրներուն միջեւ վստահութեան բացակայութիւն գոյութիւն ունի, իսկ ատիկա բան մըն է, որ չի կրնար չքանալ», ըսաւ ան:

«Եթէ Քոնկրեսը ինծի ուղարկէ Իրանի դէմ պատժամիջոցներ, որոնք կը վնասեն Իրանի հետ բանակցութեան, զայն պիտի մերժեմ, որովհետեւ պէտք է դիւանագիտութեան յաջողութեան առիթ տանք»:

Share this Article
CATEGORIES