«Ուքրանիոյ Հետ Համաձայնագիրները Պիտի Պահպանուին` Նոյնիսկ Եթէ Իշխանութեան Գայ Ընդդիմութիւնը» Կ՛ըսէ Փութին

Վլատիմիր Փութին

Վլատիմիր Փութին

Vedomosti.ru կայքը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին` անդրադառնալով Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող ներքաղաքական զարգացումներուն, ըսած է, որ Մոսկուան երկխօսութիւն պիտի կատարէ այդ երկրի նոր կառավարութեան հետ` անկախ այն փաստէն, թէ ո՛վ պիտի գլխաւորէ զայն:

Փութին ընդգծած է, որ Ուքրանիոյ տրամադրուած ելեւմտական վարկն ու կազի գինի նուազեցման որոշումը պիտի պահպանուին, նոյնիսկ եթէ իշխանութեան գայ ընդդիմութիւնը:

«Մենք կը կարծենք, որ վարկի տրամադրումն ու կազի սակագինի փուլ առ փուլ նուազեցումը պայմանաւորուած են ոչ թէ կառավարութեան, այլ ուքրանացի ժողովուրդին աջակցելու ցանկութեամբ», ըսած է Վլատիմիր Փութին:

Share this Article
CATEGORIES