Իպրահիմի Ուրբաթ Օրուընէ Առաջ Լուրջ Ու Շօշափելի Բան Մը Չի Սպասեր

Լախտար Իպրահիմի

Լախտար Իպրահիմի

Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի յայտարարեց, որ սուրիական կողմերը պատրաստ են երկխօսութիւնը շարունակելու, սակայն անոնց միջեւ մեծ վիհ մը գոյութիւն ունի` նշելով, որ բանակցութիւններու առաջին նիստը պիտի աւարտի ուրբաթ օր, որմէ ետք երկրորդ նիստին յստակ թուականին շուրջ պիտի համաձայնինք:

Ան նշեց, որ ինք ուրբաթ օրուընէ առաջ լուրջ ու շօշափելի բան մը չի սպասեր:

Սուրիոյ կառավարական պատուիրակութիւնը յայտարարեց, որ սկիզբէն ի վեր պատրաստակամութիւն յայտնած է «Ժընեւ-1»-ի հաղորդագրութիւնը սեղանի վրայ դնելու եւ զայն կէտ առ կէտ քննարկելու:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Քոնկրեսին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ «պիտի աջակցինք ընդդիմութեան, որ կը մերժէ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական ցանցերու օրակարգը, եւ պիտի շարունակենք միջազգային ընտանիքին հետ աշխատանքը` հասնելու համար այն ապագային, որուն արժանի է սուրիացի ժողովուրդը` առանց բռնատիրութեան եւ վախի»:

Share this Article
CATEGORIES