Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՀՄԵՏ Ասիր «Թուիթըր» ընկերային ցանցին ընդմէջէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ յայտնեց, որ Ապրայի դէպքերէն եօթը ամիս ետք լիբանանեան բանակը կը շարունակէ ձերբակալել իրենց տղաքը` սէյիտ Նասրալլայի եւ Նեպիհ Պըրրիի հրահանգով, ինչպէս նաեւ Սաատ Հարիրիի հովանաւորութեամբ: Միւս կողմէ, Ասիր պահանջեց ազատ արձակել Սուրիոյ մէջ առեւանգուած եպիսկոպոսներն ու մայրապետները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ իրենք մաս պիտի չկազմեն այնպիսի կառավարութեան մը, որուն մաս չի կազմեր Հըզպալլան: Խրէյս աւելցուց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը վերադարձած է զերօ կէտին:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ ճշդուած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 200 լ. ոսկիով, մազութինը` 200 լ. ոսկիով, իսկ կազինը` 600 լ. ոսկիով:

ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ «Ճինզ» շաբաթաթերթին համաձայն, Սուրիա վերսկսած է Հըզպալլայի համար միջին եւ երկար հասողութեամբ ռումբերու եւ հրթիռներու արտադրութեան:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի դրական գնահատած են նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի արտայայտած վերջին կեցուածքները: Ըստ նոյն օրաթերթին, նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ Հըզպալլայէն կը սպասէ վերջնական պատասխան մը` որոշել կարենալու համար  կառավարութեան կազմութեան յաջորդ քայլերը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, տակաւին կարելի է համախոհական կառավարութիւն մը կազմել:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ կէսօրէ առաջ թռիչքներ գործեց Լիբանանի վերեւ: Վեց իսրայէլեան օդանաւեր ցած մակարդակի թռիչքներ կատարեցին Լիբանանի արեւմտեան լեռնաշղթային վերեւ: Կէսօրուան ժամը 12:30-ին իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ գործեց նաեւ Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի վերեւ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES