Զօր. Աուն – Հարիրի Հանդիպո՞ւմ
«Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Հռոմի մէջ հանդիպում մը ունեցած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
Հանդիպումը կատարուած է ամերիկեան եւ եւրոպական խորհուրդներու հիման վրայ, իսկ հանդիպումին ընթացքին երկու կողմերը համաձայնած են ապագայի առումով նոր էջ մը բանալ:
Զօր. Աունի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ հանդիպումը եղած է մտերմիկ եւ Հարիրի զօր. Աունի յայտնած է, թէ ինք կը զղջայ 2005-ին իրեն հետ չգործակցելուն համար եւ կը փափաքի Ազգային ազատ հոսանքին հետ նոր էջ մը բանալ:
Միւս կողմէ, «Լիուա» օրաթերթին համաձայն, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ նախանցեալ օր հանդիպում մը ունեցած է Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ եւ ապա այցելած Պնաշհի, ուր ընդունուած է Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի կողմէ:
Պասիլ յայտնած է, որ սէյիտ Նասրալլայի հետ իր հանդիպումին ընթացքին շեշտած է, որ կառավարութեան մաս կազմելու համար համախմբումը կը պահանջէ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու նախարարութիւնները պահել:
Նոյն օրաթերթին համաձայն, սէյիտ Նասրալլա այս պահանջին պատասխանած է ըսելով, որ այս պահանջին լոյսին տակ Հըզպալլա եւս մաս պիտի չկազմէ կառավարութեան` առ ի զօրակցութիւն համախմբումին:
Միւս կողմէ, Ռապիէի մէջ զօր. Աուն ընդունեց Ազգային կուսակցութիւններու հանդիպումին մէկ պատուիրակութիւնը, որուն անունով Մահմուտ Քումաթի շեշտեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը համախմբող կառավարութեան կազմութեան կարեւորութիւնը:
Ան շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը, իբրեւ խորհրդարանի մեծագոյն պլոքը, պէտք է կշիռ ունեցող ներկայացուցչութիւն ունենայ:

