Նախագահ Սարգսեան Պետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Չեխիա

serj3Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ պետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Չեխիա` այդ երկրի նախագահ Միլոշ Զեմանի հրաւէրով:

Փրակայի մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում պիտի ունենայ Միլոշ Զեմանի հետ:

Երկու երկիրներու նախագահներու դռնփակ հանդիպումին պիտի յաջորդեն ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները, որոնց աւարտին կը նախատեսուին շարք մը մարզերու մէջ համագործակցութեան զարգացման ու խորացման ուղղուած երկկողմանի փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւնը եւ բանակցութիւններու արդիւնքներուն վերաբերեալ Սարգսեանի եւ Զեմանի միացեալ մամլոյ ասուլիսը:

Հայաստանի եւ Չեխիոյ նախագահները պիտի մասնակցին նաեւ հայ-չեխական գործարար համաժողովին:

Պետական այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի նախագահը հանդիպումներ պիտի ունենայ Չեխիոյ Ծերակոյտի նախագահ Միլան Շթեխի, վարչապետ Պոհուսլաւ Սոպոթքայի, խորհրդարանի պատգամաւորներու պալատի նախագահ Եան Համաչեքի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES