Ստորագրուեցաւ Հայ-Վրացական Զինուորական Համագործակցութեան 2014-ի Ծրագիրը
28-29 յունուարին Հայաստան կը գտնուէր Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Միխայիլ Տարչիաշվիլիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ մասնակցեցաւ Հայաստանի Զինեալ ուժերու կազմաւորման 22-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկներուն:
Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարի տեղակալը հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տոնոյեանի հետ եւ պատուիրակութեան ընդունեց նաեւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան:
Վրացական պատուիրակութեան այցելութեան ընթացքին կողմերը ստորագրեցին երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ զինուորական համագործակցութեան 2014 թուականի ծրագիրը: Ատիկա կը ներառէ կողմերու տարբեր մակարդակներու պատուիրակութիւններու փոխադարձ այցելութիւնները, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան եւ փորձառութեան փոխանակում պաշտպանական քաղաքականութեան, խաղաղապահութեան, լեռնային պատրաստութեան, զինուորական կրթութեան, աղբիւրներու կառավարման եւ այլ մարզերու մէջ:

