Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Եթէ ծաղկամշակութեամբ կամ բուսականութեան մշակումով կը զբաղիք, հետեւեցէք եղանակային պահանջներուն, որպէսզի կարենաք ստանալ ձեր ակնկալած արդիւնքները: Բոյսերուն հետեւիլը կարեւոր է:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Դրամատնային պարտաւորութիւն ունիք, առանց ուշանալու կատարեցէք անհրաժեշտ ներդրումը կամ ալ ճշդում: Վաղուան մի թողուք այս գործը:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ ամսաթոշակի յաւելում կ՛ակնկալէք, այդ մասին կրնաք արտայայտուիլ ձեր մեծաւորին, տնօրէնին կամ վարպետին: Ձեր առաջարկը կրնայ ընդունուիլ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ ձեր երազած հարցը կ՛ուշանայ իրագործուելու, ատեն մը մոռցէք այդ խնդիրին մասին մտածելը: Օր մը անպայման իրականութիւն կ՛ըլլայ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ անասուններ ունիք, զանոնք խնամեցէք, որպէսզի անակնկալ հարցեր չունենաք: Ընտանի կենդանիներն ալ ունին իրենց առօրեայ պահանջը:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ամէն ճշմարտութիւն հրապարակաւ արտայայտելը հաճելի չի թուիր ընդհանրապէս: Եթէ ունիք ըսելիք մը, զոր անպայման պիտի արտայայտէք, ըսէք կողմնակի միջոցներով:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ուշադիր եղէք ձեր կերած խմածին, մանաւանդ այս օրերուն: Հեռու մնացէք իւղոտ ճաշերէ եւ ալքոլէ: Չափաւորութեան օրէնքը մի՛ մոռնաք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Խոհարարութիւնը արուեստ է: Ձեր պատրաստած ճաշատեսակները պիտի գնահատուին: Կ՛ըսեն, թէ կարեւոր խնդիրներ լուծելու կարեւոր միջոց է համեղ ճաշերով հիւրասիրութիւնը:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ունիք ընկերային հաճելի մթնոլորտ ստեղծելու կարողութիւն: Այսօր ձեր այս շնորհը պիտի գնահատուի հանդիպումի մը ընթացքին, ուր պիտի ուրախանաք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ընկերային կամ ընտանեկան հաւաքոյթի մը ընթացքին կարծիքներու փոխանակման միջոցին առաջին արտայայտուողը մի ըլլաք` փափուկ հարցի մը շուրջ: Համբերեցէք, այս պարագային լսելը աւելի լաւ է, քան` խօսիլը:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Երկար ատենէ ի վեր ձեզ մտահոգող խնդիրը պիտի լուծուի դիւրութեամբ, զարմացնելով ձեզ: Պիտի ափսոսաք, որ այդքան սրտմաշուք ունեցած էք ոչինչի համար:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր բնակարանին ներքին յարդարանքը կը կարօտի նորոգութեան: Ձեր շրջապատը մաքուր, կոկիկ եւ հաճելի պահելու մասին մտածեցէք:

Share this Article
CATEGORIES