50 Տարի Առաջ (31 Յունուար 1964)

Խմբագրական

Փարիզ–Փեքին Առանցքը

Փարիզ վերջապէս ճանչցաւ Ժողովրդային Չինաստանի վարչակարգը: Զօրավար տը Կոլի այս որոշումը հանդիսացաւ կարեւորագոյն դէպքերէն մէկը վերջին տարիներու միջազգային կեանքին մէջ` իր անմիջական հետեւանքներով եւ այն հեռանկարներով, որոնք կը նախատեսուին ապագայի տեսակէտէն, միջազգային ուժերու հաւասարակշռութեան առնչութեամբ:

Փեքինի վարչակարգին ճանաչումը Ֆրանսայի կողմէ ինքնին կարեւոր դէպք մը ըլլալով հանդերձ, իր բացատրութիւնը կը գտնէ ոչ թէ Փարիզի ծայրագոյն արեւելեան քաղաքականութեան մէջ, այլ գլխաւորաբար եւրոպական եւ ընդհանրապէս` համաշխարհային:

Զօրավար տը Կոլի մտքին մէջ Փեքինի վարչակարգին ճանաչումը ազդարարութիւն մըն է` ուղղուած թէ՛ Միացեալ Նահանգներուն եւ թէ՛ Խորհրդային Միութեան, որոնք Քուպայի տագնապէն ասդին, հակամէտ են գլուխ-գլխի- առանձին խօսակցութիւններով, համաշխարհային նոր դասաւորում մը իրագործել` հետզհետէ լուծելով վիճելի հարցեր, որոնք սնունդ կու տային Պաղ պատերազմին:

Արդ, այդ լուծումները երբեմն տեղի կ՛ունենան ի հեճուկս Ֆրանսայի կամ, աւելի լայն առումով մը` Եւրոպայի, Փարիզի եւ եւրոպական այլ մայրաքաղաքներու անտեսումով:

Զօրավար տը Կոլ ալճերիական պատերազմը լուծարքի ենթարկելէն ի վեր, աշխատեցաւ բանակցիլ Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի հետ, անջատաբար կամ միասին, բայց այդ ուղղութեամբ իր թափած ջանքերը չարդիւնաւորուեցան: Այս ժխտական արդիւնքին առջեւ տը Կոլ հետզհետէ տարուեցաւ մտածելու, թէ իր գաղափարներու յաղթանակին եւ իր երկրին շահերուն համար նախընտրելի է ունենալ անկախ քաղաքականութիւն մը, որուն ամէնէն շռնդալից արտայայտութիւնը հանդիսացաւ Փեքինի վարչակարգին ճանաչումը:

Այսպիսով, Ֆրանսայի նախագահը մարտահրաւէր ուղղած կ՛ըլլար թէ՛ Ուաշինկթընի եւ թէ՛ Մոսկուայի, որովհետեւ պէտք չէ մոռնալ, որ տըկոլեան քաղաքականութեան յետին մտածումները անծանօթ չեն Քրեմլինի վարիչներուն, որոնք Փեքինի վարչակարգին ճանաչման մէջ կրնան տեսնել քաջալերանք մը այն անկախ քաղաքականութեան, որ Մաօ Ցէ Թունկ տարիներէ ի վեր կը վարէ Մոսկուայի հանդէպ:

Ուստի, Փարիզ-Փեքին յարաբերութիւններու հաստատումը կրնայ նկատուիլ երկու անկախութիւններու հանդիպումը, մէկը` Ուաշինկթընի, միւսը` Մոսկուայի հանդէպ: Երկուքն ալ վէճի մէջ են իրենց դաշնակիցներուն հետ, որոնց միջեւ գոյացած համաձայնութիւններու գինը յաճախ իրենք կը վճարեն:

Փարիզ կրնայ լուծումներ ունենալ Ծայրագոյն Արեւելքի հարցերուն համար, յատկապէս` Հարաւային Վիեթնամի եւ Լաոսի կապակցութեամբ: Այդ լուծումները դեռեւս յայտնի չեն, բայց կը կարծուի, թէ ամերիկեան եւ խորհրդային շահերուն հակառակ ընթացք մը ունին: Բայց այդ չէ կարեւորը: Հիմնականը այս բոլորին մէջ, այն է, թէ երկու գերմեծերու կողքին, Փարիզ եւ Փեքին կը զգացնեն ներկայութիւնը երկու յարաճուն ուժերու, որոնք որոշած են վերջ տալ համաշխարհային հարցերու երկգլուխ ղեկավարութեան:

Արդարեւ, Բ. Աշխարհամարտի աւարտէն ի վեր, Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա, թէեւ հակոտնեայ շահերով, բայց միշտ աշխատեցան հաստատել երկապետութիւն մը, որ պիտի տնօրինէր աշխարհի ճակատագիրը: Մինչեւ վերջին տարիները երկու երկիրներու դաշնակիցները բաւականին զօրաւոր չէին իրենց ձայնը լսելի դարձնելու համար: Հիմա կացութիւնը փոխուած է, եւ ներքին ու արտաքին ճակատի վրայ հետզհետէ զօրացող դաշնակիցներ կ՛ուզեն ունենալ իրենց խօսքը համաշխարհային հարցերու կարգադրութեան մէջ:

Ոչ մէկ կասկած, թէ միջազգային գետնի վրայ ուժերու հաւասարակշռութիւնը նոր դասաւորում պիտի ստանայ, մանաւանդ որ Երրորդ Աշխարհի երկիրները համակրանքով կը դիտեն Փարիզի եւ Փեքինի անկախութիւններուն հանդիպումը` անոր մէջ տեսնելով շարժումի աւելի լայն դաշտի մը հնարաւորութիւնը իրենց դիւանագիտութեան համար:

Կը կարծուի, թէ յառաջիկայ ամիսները այս ուղղութեամբ պիտի բերեն որոշ հաստատումներ եւ անակնկալներ:

 

Թուրքեր Կը Մտնեն
Նիկոսիոյ Հայոց Եկեղեցին

Կը Ձերբակալեն Ազգային Վարչութեան
Ատենապետ Թունճեանը

 Տնային Կալանքի Կ՛ուզեն Ենթարկել
Երուանդ Հայր Սուրբը

Լիբանանեան Դեսպանին Միջամտութիւնը 

Նիկոսիոյ մեր թղթակիցը կը յայտնէ, թէ չորեքշաբթի կէսօրէ ետք թուրք ոստիկաններ մտած են Նիկոսիոյ հայոց եկեղեցին եւ ձերբակալելով` իրենց հետ տարած են Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահրամ Թունճեանը, որ սրբազան հօր եւ երկու քահանաներու հետ եկեղեցիի շրջափակին մէջ կը գտնուէր: Ոստիկանները հայր սուրբը եւ քահանաները կ՛ազդարարեն, թէ տնային ձերբակալութեան ներքեւ կը գտնուին:

Հայր սուրբը եւ քահանայ հայրերը կ՛առարկեն թէ անկողին չկայ եկեղեցւոյ մէջ, հետեւաբար չեն կրնար մնալ: Իրենց կը թոյլատրուի երթալ իրենց տուները` հետեւեալ օր վերադառնալու համար:

Հայր Երուանդ երբ եկեղեցիէն դուրս կու գայ, կը դիմէ լիբանանեան դեսպանատուն` իբրեւ Լիբանանի քաղաքացի: Դեսպանը անմիջապէս կը հեռաձայնէ տոքթ. Քիւչիւքի, թէ չեն կրնար իրենց մէկ քաղաքացին ձերբակալել:

Իսկ Վ. Թունճեանի համար դիմումներ կ՛ըլլան ֆրանսական եւ գերմանական դեսպաններուն, որոնք կը խոստանան իրենց կարելին ընել:

Պէյրութ հասած այլ լուրերու համաձայն, Վ. Թունճեան արդէն իսկ ազատ արձակուած է:

Մանրամասնութիւնները յաջորդիւ:

Share this Article
CATEGORIES