Մարդկային Կենցաղ. Տարեցի Մը Ուղեղը Հաւանաբար Պարզապէս Լեցուն Ուղեղ Մըն Է

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՈՒՂԵՂԸ ԿԸ ԽՃՈՂՈՒԻ ՏԱՐՈՒԷ ՏԱՐԻ ԵՒ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԿԸ ԴԺՈՒԱՐԱՆԱՅ ՀՈՆ ԱՄԲԱՐՈՒԱԾ ՇՏԵՄԱՐԱՆԷՆ ԲԱՆ ՄԸ ՅԻՇԵԼԸ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԼԵՑՈՒՆ ՈՒՂԵՂԸ ԿԸ ԴԱՆԴԱՂԻ ԾԱՆՐԱԲԵՌՆՈՒԱԾ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉԻ ՄԸ ՊԷՍ: ԱՅԼ ԽՕՍՔՈՎ, ՏԱՐԵՑ ԱՆՁԵՐ ՅԻՇԵԼՈՒ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԱՆՈՆՑ ՈՒՂԵՂԸ ՇԱՏ ԳԻՏԵԼԻՔ ԿԸ ՊԱՐՈՒՆԱԿԷ: «ՏԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԹՈՒԱՅԻՆ «ԲՆՈՐԴՆԵՐՈՒ» ՎՐԱՅ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ  ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ՈՐ ԿԸ ՅԱՆԳԻ ԱՅՍ «ՆՊԱՍՏԱՒՈՐ» ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԵԱՆ:

Որոշ տարիքի մարդիկ, այսինքն` մենք, շատ ժամանակ չենք յատկացներ կարդալու մտային կարողութեան եւ տարեց դառնալու վերաբերող ուսումնասիրութիւններ: Անոնց արդիւնքը մռայլ է առնուազն այն պատճառով, որ բոլորն ալ կ՛ըսեն, թէ յիշողութեան արագութեան եւ ճշգրտութեան նահանջը կը սկսի 25 տարեկանին:

Իսկ պատմութիւնը ծանօթ է 50 տարեկանէն վեր ոեւէ անձի: Ի վերջոյ կեանքը ամբողջական ապրելու ձեւը հազիւ սորված` կ՛անդրադառնանք, թէ իրականութեան մէջ հասած է տարեց դառնալու պահը: Այն գիտակցութիւնը, թէ ուղեղը կը դանդաղի տարիքի հետ, ամէնէն ցնցիչ գիտակցութիւնն է ամբողջ հոգեբանութեան մէջ:

985mindՏարիներու ընթացքին կարգ մը գիտնականներ հարցականի տակ առած են տարիքի հետ կապուած այս իմաստուն գիտակցութեան յատկանիշը: Սակայն անոնց ուղղած մարտահրաւէրները կեդրոնացած են կողմնակալութեան հակում մը ցոյց տալու վրայ: Օրինակ` անոնք ըսած են, թէ ուսումնասիրութիւնները խտրական մօտեցում կը ցուցաբերեն երիտասարդներուն նկատմամբ, թէ` տարեց անձեր կեանքի փորձառութեամբ սորված են կարեւորութիւն չտալ յայտնապէս աննշան բաներու, ինչպէս` յիշողութիւնը չափող քննութիւններ, թէ` տարեց ուղեղ մը 22 տարեկան երիտասարդի մը ուղեղէն տարբեր ձեւով կը դասաւորէ տեղեկութիւնները:

Այժմ նոր մարտահրաւէր մը կ՛ուղղուի իմացական նահանջի ապացոյցներուն դէմ, եւ անիկա կու գայ թուային «բնորդներէ»: Ուսումնասիրողներ թուային «բնորդներ» օգտագործելով` կը պեղեն ուղեղին ամբարած տեղեկութիւնները եւ անոնց հետ կապուած գործընթացները: «Թոփիքս ին Քոկնիթիւ Սայընս» թերթին մէջ լոյս տեսած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, Գերմանիոյ Թուպիկըն համալսարանէն լեզուագէտներ գործածած են թուային «բնորդներ»` պեղելու համար բառերու եւ եզրերու հսկայական շտեմարաններու գործընթացը` մարդոց ուղեղին մէջ:

Տարեց անձեր, որոնք ուսած են, ընդհանրապէս շատ աւելի բառեր գիտեն, բաղդատած` երիտասարդներուն, պարզապէս որովհետեւ աւելի երկար ժամանակէ ի վեր կ՛ապրին: Հետեւաբար ուսումնասիրողները սկսած են պեղել, թէ տարեց անձի մը ուղեղը ինչ ձեւով կ՛աշխատի բառ մը յիշելու համար: Երբ անոնք օգտագործած են իրենց թուային «բնորդները»` տարիքի տարբերութիւնները տեղադրելով անոնց մէջ, տարեցներու յատուկ «անկարողութիւնները» մեծ մասամբ անհետացած են:

«Անկեղծ ըլլալու համար ըսեմ, թէ արդիւնքը ցնցիչ էր: Մեր ուսումնասիրութեան կէս ճամբան կտրած էինք, եւ ես համոզուած էի, թէ առողջ չափահասներուն մտային կարողութիւնը կը տկարանայ տարիքի բերումով: Սակայն մեր գործածած թուային «բնորդները» այնքա՛ն լաւ իւրացուցած էին մարդկային տուեալները, որ աստիճանաբար սկսայ մտածել, թէ պատճառ չունէի անպայման նահանջ մը ակնկալելու», կ՛ըսէ ուսումնասիրութեան գլխաւոր հեղինակը` Մայքըլ Ռամսքար:

Արդեօք ճի՞շդ է ան. թուային «բնորդները» միշտ ալ կասկածելի են թուային ժամանակներէն առաջ ծնած սերունդին համար, որ այժմ կը հասնի օգնութեան: Արդեօք երիտասարդ գիտնականները պարզապէս պատճառաբանութիւննե՞ր կը փորձարկեն, որպէսզի ապագային ծածկեն իրենց երբեմնի ոսկեայ ժամանակներու թերութիւնները:

Իրօք, հաւանական չէ, որ այս նոր ուսումնասիրութիւնը ջրէ աւելի քան 100 տարուան ուսումնասիրութիւններու արդիւնքները, ինչպէս կ՛ըսեն մտային կարողութիւններ չափող գիտնականներ: Ջղագէտներ որոշ պատճառներ ունին հաւատալու, թէ ջղային գործընթացներու արագութիւնը, ինչպէս բազմաթիւ ընդոստ հակազդեցութիւններ կը դանդաղին տարիներու ընթացքին: Մարդակազմութեան ուսումնասիրութիւններ մտածել կու տան, թէ ուղեղը եւս կ՛ենթարկուի կառուցային որոշ նուրբ փոփոխութիւններու, որոնք կրնան իրենց ներգործութիւնը ունենալ յիշողութեան վրայ:

Այսուհանդերձ, հաւանական է, որ այս նոր ուսումնասիրութիւնը բան մը աւելցնէ տարիքի առնչուած նահանջի տարողութեան նկատմամբ հետզհետէ տարածուող սկեպտիկ մօտեցումներուն վրայ: Անշուշտ շատեր սուր միտքով կը թեւակոխեն 90 տարիքը: Սակայն նահանջի միջինը կասկածի տակ առնող տեսութիւնները հիմնուած են ոչ թէ անձնական տարբերութիւններու վրայ, այլ` մեթոտաբանութեան: Օրինակ` տարեցներ եւ երիտասարդներ բաղդատող բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ հաշուի չեն առներ Ալզայմըրի հիւանդութեան ախտանշաններուն յայտնութենէն առաջ անձի մը վրայ ներգործութիւն ունեցած ազդակները, ինչպէս կ՛ըսէ Սթանֆորտի համալսարանին մէջ հոգեբանութեան դասախօս Լորա Քարսթընսըն:

Քարսթընսըն եւ ուրիշներ ի յայտ բերած են, թէ մարդիկ տարիքի բերումով կը սկսին կողմնակալ դառնալ իրենց յիշողութեան մէջ, կողմնակալ ձեւով յիշելով դրական երանգ ունեցող բառեր եւ կապակցութիւններ: Ասիկա ծանօթ է իբրեւ «տարիքի կապուած դրական ներգործութիւն» եւ ի յայտ կու գայ այնպիսի քննութիւններու մէջ, որոնք կը պահանջեն յիշել պատահականօրէն իբրեւ զոյգ ներկայացուած բառեր, օրինակ` ջայլամ եւ տուն:

«Նկատի ունենալով, որ մտային կարողութեան վերաբերող ուսումնասիրութիւններ մասնակցողներէն կը պահանջեն հակազդել չէզոք (կամ զգացական ուսումնասիրութիւններու պարագային` ժխտական) խթաններու, ուսումնասիրութիւններու աւանդական ուղղութիւնը հաւանաբար կը ստեղծէ ոչ նպաստաւոր վիճակ` տարեցներուն համար», կ՛ըսէ Քարսթընսըն:

Թուային «բնորդներով» կատարուած նոր ուսումնասիրութիւնը նաեւ հարցականի տակ կ՛առնէ բազմաթիւ արժեչափեր, զորս կ՛օգտագործեն գիտնականներ: Ռամսքար եւ անոր պաշտօնակիցները թուային «բնորդներու» մէջ տեղադրած են  բառեր եւ եզրեր, որոնց ծանօթ պիտի ըլլար 70 տարեկան ուսած անձ մը, ինչպէս նաեւ` 20 տարեկան ուսած անձի մը յատուկ բառերու եւ եզրերու շտեմարան մը: Թուային «բնորդները» արձանագրած են 75 հարիւր համեմատութեամբ նիշի տարբերութիւն` երիտասարդներու եւ տարեցներու միջեւ, երբ անոնց թելադրուած է մտաբերել իրարու հետ կապ չունեցող զոյգ բառեր:

Այլ խօսքով, որքան մեծ գրադարան մը գոյութիւն ունենայ մեր ուղեղին մէջ, այնքան աւելի երկար ժամանակ կ՛առնէ որոշ բառ մը կամ զոյգ բառեր յիշելը:

Մտածելու եւ յիշողութեան կարողութիւնները չափող գիտնականներ յաճախ տարբերութիւն մը կը դնեն «հոսող» եւ «քարացած» խելացութեան միջեւ: Առաջինը կը պարունակէ կարճատեւ յիշողութիւնը, ինչպէս` հեռաձայնի թիւ մը յիշել, վերլուծական տրամաբանութիւնը եւ խանգարիչ տարրեր ջոկելու կարողութիւնը (օրինակ` շրջապատի խօսակցութիւն): Իսկ երկրորդը կ՛առնչուի կուտակուած գիտելիքի հետ, բառապաշարի եւ փորձառութեան:

«Խորքին մէջ, Ռամսքարի ուսումնասիրութեան վէճը այն է, թէ «քարացած» խելացութեան զարգացումը պատճառ կը դառնայ «հոսող» խելացութեան նահանջին», ինչպէս կը բացատրէ Միշիկընի նահանգային համալսարանին մէջ հոգեբանութեան դասախօս Զաք Համպրիք: Ան, ինչպէս նաեւ Վըրճինիայի համալսարանէն Թիմըթի Սոլթհաուս տարբեր ուսումնասիրութիւններով ապացուցած են, թէ «քարացած» գիտելիքը (որ կը չափուի, օրինակ` «Նիւ Եորք Թայմզ« թերթին խաչբառերը լուծելով) մեծ աճ կ՛արձանագրէ 20-50 տարիքի միջեւ, ապա կը մնայ անփոփոխ, նոյնիսկ երբ «հոսող» գիտելիքը (ինչպէս` վերլուծելով տրամաբանելու կարողութիւն)  20-70 տարիքի միջեւ աստիճանաբար կը սկսի պակսիլ աւելի քան 50 առ հարիւր համեմատութեամբ, ինչպէս ցոյց կու տան կարգ մը ուսումնասիրութիւններ: «Պէտք է յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ կատարուին գիտնալու համար, թէ արդեօք մէկը ներգործութիւն ունի՞ միւսին վրայ», կ՛ըսէ Համպրիք:

Ռամսքարի ուսումնասիրութիւնը կատարուած է միայն թուային «բնորդներու» վրայ: «Իմացական կարողութեան նահանջին» դէմ թուային ժամանակաշրջանի այս նոր մարտահրաւէրը առայժմ կրնայ ծառայել իբրեւ պատրաստ բացատրութիւն, թէ ինչո՛ւ տարեց կամ երիտասարդ մարդոց ուղեղը երբեմն չի գործեր…

…Չի նշանակեր, թէ անոնք դանդաղամիտ դարձած են, այլ կը նշանակէ, թէ շատ բան գիտեն:

 

Share this Article
CATEGORIES