Մարդկային Կենցաղ. Լսելու Գեղեցիկ Արուեստը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՀԱԶՈՒԱԴԷՊՕՐԷՆ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻՆՔ ԱՆՁԵՐՈՒ, ՈՐՈՆՔ ԱՌԱՆՑ ԸՆԴԻՄՋԵԼՈՒ ԿԸ ԼՍԵՆ ՄԵԶ ԿԱՄ ՏՐԱՄԱԴԻՐ ԵՆ ԼՍԵԼՈՒ, ԹԷ Ի՛ՆՉ Կ՛ԸՍԵՆՔ: ՆՈՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿՈՒ ԳԱՆ ԸՍԵԼՈՒ, ԹԷ ՃԻՇԴ ՁԵՒՈՎ ԼՍԵԼԸ ՂԵԿԱՎԱՐԵԼՈՒ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՄԷԿՆ Է: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՃԱՄԲՈՎ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ ԼՍԵԼՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԴԵՐԸ` ԳՈՐԾԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ:
Անցեալ տարի Կլեն Պըրքինզ որոշած էր, թէ ժամանակը հասած էր ամբողջութեամբ վերատեսութեան ենթարկելու իր գործը ղեկավարելու ձեւը: Սակայն, փոխանակ նոր գաղափար մը յղանալու մասին մտածելու, ան փափաքած էր դիմել իր յաճախորդներուն:
Պըրքինզ խմբագիրն է Հիւսիսային Քարոլայնայի մէջ հաստատուած Qcitymetro.com կայքին, որ կը հրապարակէ ափրիկեան-ամերիկեան լուրեր: Ան որոշած էր ձեռնարկել «լսելու շրջապտոյտի մը». այսինքն բացայայտ ճիգ մը թափած էր խօսելու իր յաճախորդներուն հետ: Աւելի քան երկու ամսուան ընթացքին ան հանդիպումներ ունեցած էր քանի մը տասնեակ ընթերցողներու հետ:
Պըրքինզ ի յայտ բերած է, թէ ինչ որ ինք կարեւոր կը նկատէր, ոչ մէկ արժէք ունէր բազմաթիւ ընթերցողներու համար: Անոնք հետաքրքրուած չէին կայքին մէջ զետեղած իր արագ լրահոսով, որ կը վերանորոգուէր օրուան մէջ բազմաթիւ առիթներով: Փոխարէնը` անոնք կը փափաքէին կարդալ լուրերու մեկնաբանութիւններ, նոյնիսկ` ուշացումով, գրուած` տարբեր դիտանկիւններէ, քան ինչ որ կը հրապարակուին ընդունուած լրատուամիջոցներու կողմէ:
«Իբրեւ նոր գործի ձեռնարկողներ` յաճախ պարզապէս կը շարունակենք գործել այնպէս, ինչպէս կը կարծենք, թէ ճիշդ է: Կ՛իյնանք մէկ փորձանքէն միւսին մէջ ,- կ՛ըսէ Պըրքինզ:- Ժամանակ չունինք պահ մը կանգ առնելու եւ լսելու, թէ ի՛նչ կ՛ըսեն յաճախորդները: Մինչդեռ պէտք է միայն լսենք զանոնք»:
Լսելու շրջապտոյտը հաւանաբար նոր գաղափար մըն է գործի ձեռնարկողներու եւ գործ ղեկավարողներու համար: Սակայն լսելու եւ հակազդելու ճիգերը պէտք չէ սահմանափակուին նման շրջապտոյտներով: Անոնք, որոնք կը տիրապետեն յաճախորդներուն եւ պաշտօնեաներուն լսելու կարողութեան, շատ աւելի լաւ առիթներ ունին յաջողութեան:
Հաւանաբար լսելը աւելի դժուար է, քան ինչ որ կը կարծենք: Գործ ղեկավարող պատասխանատուներ հազուադէպօրէն կը յաջողին պատկերացնել, թէ ի՛նչ ձեւով կարելի է ականջ դնել ուրիշներուն: 2013-ին Սթանֆորտի համալսարանին Առեւտրական գիտութիւններու բաժանմունքին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ի յայտ բերած էր, թէ սակաւաթիւ էին պատասխանատու դիրքեր ստանձնած այն պաշտօնեաները, որոնք լսել գիտէին: Անոնց գործելակերպին արժեւորումը ցոյց կու տար, թէ լսելը նոյնիսկ հազուադէպօրէն նշուած էր իբրեւ լաւ կամ վատ չափանիշ:
Պատճառը այնքան պարզ է, որ կը խաբէ. «Կանուխ տարիքէն մեզ կը վարժեցնեն լաւ չլսելու,- կ՛ըսէ Մասաչուսեցի Պենթլի համալսարանին մէջ հոգեբանութեան դասախօս Հելըն Մելտրըմ:- Երբ մէկու մը հետ կը խօսինք, մեր հակազդեցութիւնները սովորաբար կ՛իյնան չորս դասաւորումներու մէջ, որոնք «Թիւրիմացաբար կ՛առաջնորդեն օտարումի»:
Կը դատենք, անտեղի խորհուրդներ կու տանք, խիստ հարցումներ կը հարցնենք կամ կը փորձենք սիրաշահիլ այնպիսի ձեւով, որոնք կ՛անտեսեն մեր խօսակիցին մտահոգութիւնները:
Այն բժիշկները, որոնք իրապէս կը լսեն իրենց հիւանդները, շատ աւելի հաւանական է, որ յաջողին իրենց ասպարէզին մէջ, ինչպէս ի յայտ բերած է Մելտրըմ` 2011-ին հրապարակուած իր մէկ ուսումնասիրութեան մէջ: Այլ ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ բժիշկներու կողմէ յանձնարարուած դեղերուն աւելի քան 30 առ հարիւրը չի գնուիր հիւանդներու կողմէ: Մելտրըմի համաձայն, պատճառը հիւանդներուն մտահոգութիւնները լսելու բժիշկին անկարողութիւնն է:
Անզգամ Եւ Անհաղորդ
Ասիկա չի նշանակեր, թէ բժիշկներ անհոգ են իրենց հիւանդներուն նկատմամբ, այլ կը նշանակէ, թէ անոնք ժամանակ չեն տրամադրեր լսելու, թէ ի՛նչ ունի ըսելիք հիւանդը: Օրինակ, բժիշկ մը, փոխանակ լսելու նիհարնալու ճիգ թափող հիւանդի մը մտահոգութիւնները, կ՛անտեսէ զանոնք` նշելով, թէ քանի մը քիլոկրամ ծանրութիւն կորսնցուցած է պարզապէս յաւելեալ աղցան ուտելով:
«Առաջին ակնարկով` բոլորս անհամբեր ենք եւ կ՛ուզենք կարճ պատասխաններ տալ` ժամանակ խնայելու համար, մանաւանդ եթէ ծանրաբեռնուած պատասխանատու պաշտօնեայ մըն ենք,- կ՛ըսէ Մելտրըմ:- Սակայն երկար ժամանակի վրայ նման վերաբերում ստանալով` մարդիկ կը մտածեն, թէ անզգամ ենք եւ անհաղորդ»:
Լսելու կարողութիւնը զարգացնելը դիւրին չէ, ինչպէս կ՛ըսէ այս նիւթին մասնագէտներէն Ռիչըրտ Միւլենտըր, որ անցեալին գլխաւորած է բրիտանական ոստիկանութեան Ազգային աղէտներու եւ պատանդներու բանակցութիւններու բաժանմունքը: Նախ` պէտք է ինքզինք վարժեցնել ուշադիր մտիկ ընելու եւ զարգացնելու շարք մը այլ կարողութիւններ, ինչպէս` մեկնաբանել բանալի բառեր եւ առիթ տալ, որ մեր դիմաց գտնուող անձը աւելի խօսի: Առաջինը բաւական պարզ կը թուի ըլլալ, սակայն երկրորդը կը պահանջէ մտային ճիգ, ինչպէս նաեւ` հասկնալու ցանկութիւն, թէ ի՛նչ կ՛ըսէ անձը:
Այն պատասխանատուները, որոնք կը տիրապետեն լսելու կարողութեան, շատ աւելի հաւանական է, որ ստանան այն, ինչ որ կ՛ակնկալեն իրենց պաշտօնեաներէն եւ յաճախորդներէն, ինչպէս կ՛ըսէ Միւլենտըր:
«Եթէ կարենաք պատկերացնել, թէ անձ մը ինչ ձեւով կը սիրէ աշխատիլ, ապա կրնաք աւելի արդիւնաւէտ աշխատանքի մղել զայն այն մարզերուն մէջ, ուր կը գերազանցեն անոնք,- կ՛ըսէ Միւլենտըր:- Կարելի չէ այս մէկը իրականացնել առանց նախապէս լսելու, թէ ինչ կարիքներ ունին անոնք»:
Լսելու տրամադրութիւն ցոյց տալու ամէնէն պարզ եւ արդիւնաւէտ ձեւը կարեկցանքով հակազդելն է, կ՛ըսէ Մելտրըմ: Օրինակ, երբ պաշտօնեայ մը իր պատասխանատուէն կը խնդրէ կանուխ տուն երթալ` իր հիւանդ կատուին հոգ տանելու համար, կարելի է խուսափիլ արագ պատասխանէ մը, որ կ՛անտեսէ պաշտօնեային մտահոգութիւնը: Փոխարէնը` կարելի է տալ պատասխան մը, որ ցոյց կու տայ, թէ կը բաժնենք անոր մտահոգութիւնը:
«Նոյնիսկ, երբ ձեր պատասխանը «ո՛չ» է, պաշտօնեային կարիքներուն նկատմամբ կարեկցանք ցուցաբերելը կ՛արտայայտէ անոր հարցերը լսելու ձեր տրամադրութիւնը», կ՛ըսէ Մելտրըմ:
Պըրքինզ իր լսելու շրջապտոյտէն ետք անդրադարձած է նաեւ յատկանշական այլ կէտի մը. համեստութիւն: Ընթերցողներէն շատերը, որոնց հանդիպած է, քննադատած են իր գլխաւորած կայքը եւ առաջարկած են տարբեր ձեւով կառուցել զայն: Պըրքինզ զայն վերակառուցած է զերոյէն: Անշուշտ քննադատութիւններ լսելը եւ զանոնք սեփականացնելը դիւրին չէր իրեն համար:
«Գլխաւորաբար անդրադարձայ այն իրողութեան, թէ լսելը կը պահանջէ որոշ պարապութիւն մը ստեղծել մէջդ,- կ՛ըսէ Պըրքինզ, որ նախապէս «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» թերթի լրագրող էր:- Դիւրին չէ լսել մարդիկ, որոնք կ՛ըսեն, թէ սխալ կը գործես»:
Սակայն շատ բան շահած է Պըրքինզ: Ան կ՛ըսէ, թէ իր լսելու շրջապտոյտին ընթացքին յայտնաբերած է յեղաշրջող գաղափարներ, զորս կը ծրագրէ ի գործ դնել մօտիկ ապագային:
Թերեւս երկու ամսուան վրայ երկարող լսելու շրջապտոյտ մը իրականացնելը դժուար է շատերուն համար, սակայն առօրեայ հերթականութեամբ աւելի ուշադիր մտիկ ընելու վարժութիւն մը զարգացնելը կրնայ առիթ տալ, որ օր մը լսենք յեղաշրջող նոր գաղափար մը:
Ինչպէ՞ս Լաւ Լսել
Լսելու մասնագէտ Ռիչըրտ Միւլենտըր յաջողութեամբ կատարած է խորհրդատուի դեր` անձնասպանական հակումներէ տառապող 50 անձերու: Այժմ անոր աշխատանքը կեդրոնացած է առաջնորդներու եւ ղեկավարներու հաղորդակցելու կարողութիւնը զարգացնելու վրայ: Ան կ՛առաջարկէ կիրարկել հետեւեալ 5 միջոցները.
– Գիտցէ՛ք, թէ ինչ բան կ՛ակնկալէք զրոյցէ մը եւ ձեր հակազդեցութիւնները առաջնորդեցէք այդ ուղղութեամբ:
– Հարցումներ մի՛ ուղղէք, այլ թոյլ տուէք, որ դիմացի անձը խօսի:
– Փնտռեցէ՛ք ձեր զրուցակիցին մտադրութիւնները բացայայտող բանալի բառեր` անոր խօսքին մէջ:
– Հասկնալու ձեր կարողութիւնը փորձեցէք` որոշ կէտերու յստակացում պահանջելով:
– Դիմացի անձը համոզեցէք` անոր գործածած լեզուն եւ բանալի բառերը օգտագործելով:

