Թուրքիա-Հայաստան Յարաբերութիւնները` Թրքական «Էն. Թի. Վի.» Կայանէն
Թրքական «Էն.Թի.Վի.» կայանը հինգշաբթի, յունուար 9-ին հաղորդեց Տենիզ Քիլիսլիօղլուի կողմէ մեծ մասամբ Երեւանի մէջ պատրաստուած ժապաւէն մը, որուն մէջ լրագրողը կը քննարկէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու ներկան ու ապագան: Թուրքիա ու Հայաստան օր մը պիտի կարենա՞ն իրենց միջեւ հաշտութիւն իրականացնել եւ բանալ մէկզմէկու սահմանադռները» հարցումին անոր նախնական պատասխանը «ոչ» էր:
Լրագրողը այն տպաւորութիւնն ունի, որ ներկայիս որեւէ յուսադրիչ երեւոյթ չկայ Հայաստանի ու Թուրքիոյ յարաբերութիւններու բարելաւման ի նպաստ: Չկայ, որովհետեւ Ազրպէյճանի ազդակը ծանր կը կշռէ այս յարաբերութիւններուն վրայ: Հայաստանի մէջ բոլորին կարծիքն այն է, որ Թուրքիա չկրցաւ արձանագրութիւնները ի գործ դնել, որովհետեւ Պաքու արգելք կը հանդիսանար այդպիսի գործադրութեան մը:
Սփռուած ժապաւէնը, որ յաճախ տեսարաններ ցոյց կու տար Երեւանի ձմեռնային համայնապատկերէն, փողոցի երեւանցիներէն եւ կը շօշափէր զանազան մարդոց կարծիքները այս փշոտ հարցին առնչութեամբ: Կարծիք յայտնողներէն էին` «Միլլիյէթ»-ի յօդուածագիր Թահա Աքէօլ, լրագրող Մարգար Էսայեան, «Ակօս»-ի խմբագիր Ռոպեր Գոփթաշ, ռազմավարական գիտութիւններու մասնագէտ Ռիչըրտ Կիրակոսեան, Հայկական նիւթերու հետազօտութեան հրատարակութիւններու խմբագիր, նախկին դեսպան Էօմեր Էնկին Լիւթեն, Ազրպէյճանէն ռազմավարական ուսումնասիրութիւններու մասնագէտ Ճեւատ Վելիյեւ եւ այլն: Բոլորն ալ տարբեր տեսանկիւններէ մեկնաբանելով հանդերձ «1915-ի աղէտ»-ին իրական բնոյթը` կը միանային մէկ նիւթի շուրջ, թէ` Թուրքիա ու Հայաստան տակաւին երկար ժամանակ կրնան զրկուիլ իրենց միջեւ դիւանագիտական կապեր ունենալէն:
Հետաքրքրական էին երեւանցիներուն հետ կատարուած կարճաշունչ զրոյցները: Փողոցի անցորդները ընդհանրապէս կ՛ըսէին, որ մասնաւոր թշնամութիւն չունին թուրքերու նկատմամբ, բայց չեն ալ կրնար մոռնալ 1915-ը: Երեւանցին նաեւ կը յիշեցնէր, որ Արցախը հիմնականին մէջ հայկական հողամաս եղած է:
Պոլսահայ Պօղոս Եղիազար, որ մօտաւորապէս քսան տարիէ ի վեր կը բնակի Երեւան, «Սարը կելին» երգը երգած է ու Պոլիսէն իր յուշերը պատմած` միաժամանակ խօսելով Երեւանի մէջ իր ապրած կեանքին մասին: Ժապաւէնին մէջ տեսարաններ ցոյց կը տրուէին նաեւ Ծիծեռնակաբերդ նահատակաց յուշարձանի յաւերժական կրակէն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի Երեւան այցելութենէն ու այդ առթիւ փողոցներու մէջ Թուրքիոյ դէմ կատարուած ցոյցերէն: Ցոյց կը տրուէր նաեւ Էրտողանը, որ միշտ կը պնդէր, թէ Թուրքիա ու Ազրպէյճան նոյն ազգի երկու պետութիւններն են:

