Ճատրակ. Մխիթարեան Հանդիսացաւ Երկրորդ
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ Armchess.am յայտնեց, որ պրազիլահայ կրանտմասթըր Գրիգոր-Սեւակ Մխիթարեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Պատ Զուիսշենահնի մէջ (Գերմանիա) տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային բաց մրցաշարքին, գրաւեց 1-5-րդ դիրքը` առաւելագոյն 7 կէտէն ապահովելով 6 կէտ: Սակայն թայ-պրէյքի մրցումով ան հանդիսացաւ երկրորդ եւ գրաւեց 2-րդ դիրքը: Տիտղոսին տիրացաւ Լի Չաօ (Չինաստան):
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 210 ճատրակ խաղացողներ:
CATEGORIES Մարզական

