Անսարի Մարզիչ Շամրան Հրաժարեցաւ

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Անսար ակումբը յայտարարեց, որ ընդունեց հրաժարականը ֆութպոլի իր խումբի մարզիչին` իրաքցի Հաթեֆ Շամրանին, որ ակումբին պատասխանատուներուն հետ ունեցած յատուկ ժողովի մը ընթացքին խնդրեց, որ ստորագրուած պայմանագրութիւնը խզուի:

Անսար յաջողութիւն մաղթեց Շամրանին` նշելով, որ ան իր պաշտօնավարութեան ընթացքին իսկապէս աշխատեցաւ յօգուտ ակումբին շահերուն:

Մինչեւ նոր մարզիչի մը նշանակումը, Անսար որոշեց ժամանակաւոր մարզիչի այդ պաշտօնը վստահիլ Մալեք Հասսունի եւ Սեմի Շումի:

Share this Article
CATEGORIES