«Էն. Պի. Էյ.» Ռոքեթց Յաղթեց Սփըրզի` 97-90 Արդիւնքով

Տուայթ Հաուըրտ
«էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Տուայթ Հաուըրտ մեծապէս նպաստեց իր կազմին` Հիուսթըն Ռոքեթցի, որ յաղթանակ մը արձանագրէ Սան Անթոնիօ Սփըրզի դէմ` 97-90 արդիւնքով: Ան նշանակեց 23 կէտ եւ 11 ռիպաունտ: Այսպիսով, անոր կազմը այս տարեշրջանին Սփըրզի դէմ ցարդ կատարուած մրցումներուն կը յառաջանայ 3-0 արդիւնքով:
Երէկուան մրցումներուն, ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Նիւ Օրլինզի մարզիկներէն Անթոնի Տէյվիս, որ Քլիվլենտ Քաւալիրզի դէմ արձանագրուած յաղթանակին ընթացքին նշանակեց 30 կէտ, 7 ռիպաունտ եւ 8 պլոքս:
Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն յայտագիրը.
Նիւ Օրլինզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ 100-89
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Օրլանտօ Մեճիք 103-87
Նիւ Եորք Նիքս – Պոսթըն Սելթիքս 114-88
Հիուսթըն Ռոքեթց – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 97-90
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 98-81
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 88-85
Ինտիանա Փէյսըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 104-92
Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Մայեմի Հիթ – Օքլահոմա Սիթի
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Օրլանտօ Մեճիք
Աթլանթա Հոքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Պոսթըն Սելթիքս – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Միլուոքի Պաքս – Ֆէոնիքս Սանզ
Մինեսոթա Վուլվզ – Նիւ Օրլինզ
Տալաս Մավըրիքս – Հիուսթըն Ռոքեթց
Տենվըր Նակեթց – Շարլոթ Հոռնեթց
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Շիքակօ Պուլզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ

