Ժամհուր Ակումբին Փինկ Փոնկի Մրցաշարքը
Կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին, հովանաւորութեամբ «Ֆրանսապանք»-ին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, Ժամհուրի վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ փինկ փոնկի խմբային տարեկան մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 91 երկսեռ աշակերտներու, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ վարժարանները. Սահել Ալմա, Մալքարթ, Այլա Մուքատտասա, Համազգային Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան, Լիսէ Ապտել Քատեր, Սեն Ժոզեֆ, Լիսէ լիբանանեան-գերմանական, Մոն լա Սալ, Միրիամիին Տիք Մըհտի, Միրիամիին Ժիպէյլ, Լուիս Ֆեկմըն, Հատիսա եւ Ժամհուր:
Ֆանարի Այլա Մուքատտասա աղջկանց խումբը հանդիսացաւ առաջին, յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Մոն լա Սալ եւ Ժամհուր:
Իսկ Ժամհուրի տղոց խումբը գրաւեց առաջին դիրքը` իր ետին ձգելով Լիսէ Ապտել Քատերը եւ Սեն Ժոզեֆը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: