Ասիոյ Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Պատուեց Մազեն Ռամատանը
Լիբանանցի Մազեն Ռամատան, որ ասիական եւ միջազգային գետնի վրայ ֆութպոլի 22 տարեկանէն վար մրցումներու հսկող է եւ իր պարտականութիւնները կը կատարէ մեծ բծախնդրութեամբ, Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ մեծարուեցաւ եւ պարգեւատրուեցաւ` նկատի ունենալով, որ ան վերջերս մասնակցած էր իր 100-րդ մրցումին` հսկողի դերով:
Անոր պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ Օմանի մայրաքաղաք Մասքաթի մէջ, ձեռամբ` Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի գլխաւոր մէկ պատասխանատուին` Շին Մանկիլի, որ շնորհաւորելէ ետք Ռամատանը, շնորհաւորանքի իր խօսքը ըսաւ Լիբանանի, որ միշտ կը յաջողի օրինակ դառնալ արաբական երկիրներուն:
CATEGORIES Մարզական

