Լիբանանցի Պասքեթպոլի Իրաւարարները Պիտի Գանձեն Իրենց Բոլոր Յետնեալ Ամսականները

Կը կարծուէր, որ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2013-2014 տարեշրջանը լիբանանցի իրաւարարներուն կողմէ պոյքոթի պիտի ենթարկուի, սակայն Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը երէկ եկաւ արգելք հանդիսանալու այդ քայլին, երբ որոշեց բոլոր իրաւարարներուն անխտիր վճարել անոնց բոլոր յետնեալ ամսականները:

Իրաւարարները այդ գումարները պիտի սկսին գանձել այսօր` հինգշաբթի, 30 յունուարէն մինչեւ մրցումներուն ազդանշանը տրուիլը: Այսինքն վաղը` ուրբաթ, 31 յունուարին պիտի գանձեն մնացեալ գումարները:

Ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ հինգշաբթի, 30 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-էն սկսեալ, անոնք կրնան ներկայանալ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղին (Ժալ էլ Տիպ) եւ գանձել իրենց բոլոր յետնեալ ամսականները:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )