«ՊԻԵԼ»Ի ՄԷՋ ՆԱԽԱՐԱՐ ՔԱՐԱՄԷ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԳՈՅՔԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ՄԸ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ


Նախարար Ֆայսալ Քարամէ (կեդրոնը)

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ «Պիել»ի համալիրին մէջ (կեդրոնական Պէյրութ) բացումը կատարեց մարզական գոյքերու ցուցահանդէսի մը, որ իր տեսակին մէջ եզակի է թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ շրջանին մէջ:

Կազմակերպութեամբ «Այ. Էֆ. Փի.» ընկերութեան, այս ցուցահանդէսին կը ցուցադրուին ամէն տեսակի մարզական պիտոյքներ, զորս անձ մը կրնայ երեւակայել:

Կազմակերպիչ ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ալպեր Աուն ըսաւ, որ այս ցուցահանդէսին նպատակն է բոլոր լիբանանցիները տեղեակ պահել, թէ ի՛նչ տեսակի մարզաձեւեր կան թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին իմաստով:

Նշենք, որ իր տեսակին մէջ եզակի այս ցուցահանդէսը կ՛աւարտի կիրակի, 26 յունիսին:

Share this Article
CATEGORIES