ԱՐՑԱԽ. ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ԶԱՆԱԶԱՆ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ, ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԵՒ ԿՐԹԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

Նախագահ Սահակեան կը ստուգէ մանկապարտէզներէն մէկուն վիճակը

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 19 յունիսին այցելեց Հատրութի շրջան:

Բանաձոր գիւղին մէջ նախագահ Սահակեան հանդիպում ունեցաւ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ եւ քննարկեց գիւղին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրները:

Առաքել գիւղին մէջ նախագահը մասնակցեցաւ մանկապարտէզի նոր շէնքի բացման արարողութեան: Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնեց բարերարներ Արարատ եւ Նարինէ Յովսէփեաններուն` իրենց հարազատ գիւղին մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման, ինչպէս նաեւ մանկապարտէզի կառուցման համար: Ան ընդգծեց այսպիսի հայրենանուէր նախաձեռնութիւններու հոգեբանական եւ ընկերային-տնտեսական նշանակութիւնը: Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց պատերազմէն տուժած բնակավայրերու վերականգնման հոլովոյթը` առանձնակիօրէն շեշտելով դպրոցական եւ նախադպրոցական ցանցի զարգացման անհրաժեշտութիւնը:

Արեւշատ գիւղին մէջ նախագահ Սահակեան հանդիպում ունեցաւ Հատրութի շրջանի կեդրոնական եւ հարաւային մասերուն մէջ գտնուող բնակավայրերու համայնքներու ղեկավարներուն հետ: Համայնքապետերը ներկայացուցին գիւղերու ընկերային-տնտեսական իրավիճակը, գոյութիւն ունեցող խնդիրները եւ զարգացման ծրագիրները:

Նախագահ Սահակեան ընդգծեց, որ շրջանին մէջ գոյութիւն ունի զարգացման մեծ ներուժ եւ պետութիւնը նախատեսած է շրջանին` յատկապէս անոր հարաւային մասին մէջ իրականացնել շարք մը մեծ ծրագիրներ, մասնաւորաբար գիւղատնտեսութեան եւ վերամշակող արդիւնաբերութեան մարզերուն մէջ: Ըստ նախագահին, ատիկա դրականօրէն կ՛ազդէ ոչ միայն շրջանին, այլեւ հանրապետութեան տնտեսութեան զարգացման վրայ:

Բակօ Սահակեան նշեց, որ այդ ծրագիրներու յաջող իրականացման համար առանձնակի նշանակութիւն ունի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու դերակատարութիւնը, եւ այս ծիրին մէջ անոնցմէ կ՛ակնկալէ կազմակերպուած ու աշխուժ մասնակցութիւն:

Նախագահը այցելեց նաեւ Քաշաթաղի շրջանի հարաւային թեւին վրայ գտնուող Թովմասար ձորակը եւ այնտեղ ծանօթացաւ իրականացուող շարք մը ծրագիրներուն:

Այցելութեան ընթացքին նախագահին կ՛ուղեկցէին վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ:

Share this Article
CATEGORIES