ԻՆՉՈ՞Ւ ԵՐՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ՃԱՆՉՆԱԼ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Այս շաբաթ Հայոց ցեղասպանութեան մասին նոր բանաձեւ մը կը ներկայացուի Ներկայացուցիչներու տան:

Առաջին հարցումը այն է, թէ ինչո՞ւ երրորդ անգամն ըլլալով քոնկրեսէն կը խնդրուի ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Յայտնի է, որ Ներկայացուցիչներու տունը արդէն երկու անգամ ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւեր` 1975-ին եւ 1984-ին: Հայերուն ի՞նչ օգուտ կու տայ բանաձեւին երրորդ անգամ ընդունուիլը: Եւ եթէ անիկա ընդունուի այս տարի, արդեօք յաջորդ տարի անիկա չորրորդ անգամ ընդունուելու այլ փորձ մը կը կատարուի՞:

Ոմանք կրնան թիւր տպաւորութիւն ունենալ, թէ նման բանաձեւեր կ՛օգնեն հայերուն Թուրքիայէն ետ ստանալու իրենց բռնագրաւուած հողերն ու գողցուած ունեցուածքը: Ասիկա պարզապէս չի համապատասխաներ իրականութեան: Յիշատակուած բանաձեւերը կ՛արտայայտեն քոնկրեսին «կարծիքը», եւ օրէնքի ուժ չունին: Աւելի՛ն. եթէ այս բանաձեւերը ունենային որեւէ իրական օգուտ, ապա հայերը անոնցմէ կ՛օգտուէին տասնամեակներէ ի վեր, անոնց ընդունման պահէն:

Դրական տեսանկիւնէ` այս բանաձեւերուն ընդունումը ունի բարոյական, հոգեբանական եւ քաղաքական կողմեր: Բարոյականութիւնը կը թելադրէ, որ ամբողջ ազգի մը զանգուածային սպանութիւնը պէտք չէ մոռցուի կամ անտեսուի: Այնուամենայնիւ, Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան շարունակական ժխտումն է, որ կը ստիպէ հայերուն ամէն տարի նման բանաձեւեր ներկայացնել քոնկրեսին: Ցաւօք, Միացեալ Նահանգներու յաջորդական վարչակազմերը նոյնպէս իրենց մեղքի բաժինը ունին այս ստոր գործին մէջ` օգնելով ու սատարելով թուրք ժխտողներուն, եւ անբարոյական բառախաղեր խաղալով 1.5 միլիոն անմեղ մարդոց, կիներու եւ երեխաներու բնաջնջման կապակցութեամբ:

Նման բանաձեւի ընդունման հոգեբանական արժէքը այն է, որ Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգները բաւարարուածութիւն պիտի ստանան, երբ իրենց կորուստն ու ցաւը ընդունուի աշխարհի ժողովրդավարական մեծագոյն երկրին օրէնսդիր մարմինին կողմէ:

Քաղաքական աղմուկը, որ կը բարձրանայ ամէն անգամ, երբ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւ կը ներկայացուի քոնկրես, պայմանաւորուած է Թուրքիոյ կառավարութեան գայթակղիչ վարքագիծով: Ամէն տարի Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսը կ՛ընդունի նման բանաձեւեր տասնեակ հարցերու շուրջ, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը թերթերու քննարկման առարկայ կը դառնայ: Թուրքիոյ առաջնորդները կը ստեղծեն նման խառնաշփոթ իրավիճակ մը` սպառնալիքներ ներկայացնելով Միացեալ Նահանգներուն, Ուաշինկթըն ուղարկելով բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ, վարձելով լոպիական հզօր ընկերութիւններ եւ ծախսելով քաղաքական թանկարժէք դրամագլուխ, եւ իբրեւ արդիւնք, վերջաւորութեան միլիոնաւոր մարդիկ իրազեկ կը դառնան Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Թէեւ Թուրքիոյ նպատակն է քողարկել գրեթէ մէկ դար առաջ տեղի ունեցած հայերու զանգուածային սպանութիւնը, այնուամենայնիւ, իրենց կատաղի արձագանգին հետեւանքով, անմտօրէն ամբողջ աշխարհին կը բացայայտեն իրենց նախահայրերուն կողմէ կատարուած ստոր ոճրագործութիւնը:

Յուսանք, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը անգամ մը եւս կը կիրարկէ իրեն բնորոշ «կռուարար» մարտավարութիւնը` անով իսկ հրաւիրելով միջազգային համայնքին ուշադրութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հարցին վրայ: Նոր ներկայացուած բանաձեւը կրնայ միայն օգտուիլ թրքական նման քարոզարշաւէ, քանի որ հանրապետականներով ղեկավարուած Ներկայացուցիչներու տունը, հաւանաբար, պիտի չանդրադառնայ անոր մօտ ապագային, երբ նոյնիսկ հայասէր դեմոկրատականները բանաձեւը քուէարկութեան չդրին անցած տարուան վերջաւորութեան, երբ անոնք մեծամասնութիւն կը կազմէին:

Անշուշտ, Թուրքիոյ պաշտօնեաները կրնան նոյնիսկ աւելի օգտակար ըլլալ, եթէ չակնկալուած ճգնաժամային իրավիճակներ ստեղծեն Միացեալ Նահանգներու հետ, ինչ որ պիտի ստիպէ դեմոկրատականներու վարչակազմին եւ քոնկրեսի հանրապետական ղեկավարութեան, որ սատար կանգնին Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւին: Մինչ այդ, ամերիկահայ համայնքը այս հարցը վառ պիտի պահէ եւ պատրաստ պիտի ըլլայ ա՛լ աւելի աշխուժ կերպով արծարծելու զայն, որեւէ պատեհ պահու` ստիպելով Թուրքիոյ կառավարութեան միլիոնաւոր տոլարներ ծախսել լոպիական շարունակական ջանքերուն դիմաց:

Նման կարելիութիւն կրնայ ընձեռուիլ այս ամսուն վերջաւորութեան, Թուրքիոյ «մարդասիրական» երկրորդ նաւախումբին եւ Իսրայէլի զինուորական նաւատորմին միջեւ արիւնալի հաւանական առճակատման մը պատճառով, որ կրնայ զայրացնել Միացեալ Նահանգները եւ Իսրայէլի ղեկավարները` ստիպելով անոնց քուէարկութեան դնել Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւերը իրենց երկիրներու օրէնսդիր համապատասխան մարմիններուն մէջ: Հայերը կը վրդովին` տեսնելով, որ Ցեղասպանութեան հարցը կը շահագործուի իբրեւ քաղաքական ֆութպոլ, սակայն անոնք չունին մեծ ընտրութիւն, քանի որ անոնք նոյնքան վիրաւորուած էին, երբ բանաձեւը չէր ընդունուեր ամբողջովին անհիմն պատճառներով:

Առաջ անցնելով Ցեղասպանութեան հարցէն` այս տարի ամերիկահայերը կրնան քոնկրեսին ներկայացնել այլ բանաձեւեր` հայ-թրքական յարաբերութիւններուն կապակցութեամբ.

– Ստիպել Թուրքիոյ վերադարձնել իւրացուած հայկական եկեղեցիները Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին` արտօնելով, որ անոնք գործեն իբրեւ եկեղեցիներ եւ ոչ թէ թանգարաններ, մզկիթներ կամ տեսարժան վայրեր:

– Յարգանքի տուրք մատուցել իրաւագէտ Ռաֆայէլ Լեմքինի, որ յօրինեց «ցեղասպանութիւն» եզրը` ազդուած ըլլալով 1915 թուականի հայերու զանգուածային սպանութենէն:

– Խրախուսել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի շրջափակման վերացումը:

– Սատարել մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը` Թուրքիա ապրող բոլոր փոքրամասնութիւններուն (ալեւիներ, հայեր, ասորիներ, յոյներ, հրեաներ եւ քիւրտեր):

Քոնկրեսի եւ նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւններուն շեմին, ինչպէս նաեւ արեւելեան միջերկրածովեան շրջանին մէջ անսպասելի զարգացումներուն պատճառով, մենք կրնանք բախում ունենալ ծանրաբեռնուած եւ քաոսային քաղաքական ժամանակաշրջանի հետ: Կարեւոր է, որ ամերիկահայերն ու իրենց աջակիցները մնան լաւապէս տեղեակ, աշխուժ եւ պատրաստ` պաշտպանելու հայկական շահերը:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

 

Share this Article
CATEGORIES