Տեղեկատու
ԶՈՄ-ը իր մասնակցութիւնը բերաւ Ընկերվար- յառաջդիմական կուսակցութեան եւ «Մասար» միութեան կազմակերպած «Համալսարանը` համախմբողը» նիւթով խորհրդաժողովին, որուն ներկայ էր Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն, ինչպէս նաեւ` լիբանանեան կուսակցութիւններու երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչները: Խորհրդաժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտը դրուեցաւ համալսարաններու մէջ ուսանողական ընտրութիւններ կազմակերպելու ընդմէջէն համալսարանական կեանքը աշխուժացնելու, Լիբանանեան համալսարանի ուսանողներուն ազգային համադաշնակցութիւնը վերաշխուժացնելու, համալսարանները երկրին մէջ տիրող քաղաքական լարուածութենէն զերծ պահելու, եւ վերջապէս, համալսարանները երիտասարդական եւ ուսանողական բոլոր միութիւններուն համախմբումի վայրը դարձնելու անհրաժեշտութեան վրայ:
ԶՈՄ-ը նաեւ իր մասնակցութիւնը բերաւ Դանիոյ երիտասարդական խորհուրդին (ԴՈւՖ) կազմակերպած «կարողութիւններու զարգացում» թեմայով խորհրդաժողով-վարժանիստին, որ տեղի ունեցաւ Դանիոյ մէջ` մասնակցութեամբ դանիական եւ լիբանանեան կուսակցութիւններու երիտասարդական եւ ուսանողական թեւերուն:
Քարոզչական յանձնախումբը պատրաստած է հայկական ելեկտրոնային օրացոյց մը: Հայկական օրացոյցը կը պարփակէ 2014 տարուան ազգային եւ կրօնական տօները, ինչպէս նաեւ` ՀՅԴ դէպքերու եւ դէմքերու ու Հայ դատի վերաբերող յատկանշական թուականները: Օրացոյցը կարելի է ունենալ համակարգիչի եւ հեռախօսի վրայ: Զայն ներբեռնելու համար այցելել ԶՈՄ-ի պաշտօնական կայքէջը (www.zavarian.org):
Այս տարի կ՛ամբողջանայ ԶՈՄ-ի կազմակերպութեամբ հայրենիքի մէջ կատարուող «Դէպի Երկիր» գործուղումներուն տասնամեակը: Այս առիթով «Դէպի Երկիր» յանձնախումբը շրջանառութեան մէջ դրած է վիճակահանութեան տոմսեր. գլխաւոր պարգեւն է Հայաստան երթուդարձի տոմս մը: Վիճակահանութենէն գոյացած գումարը պիտի օգտագործուի ֆինանսաւորելու համար 2014-ի ամրան հայրենիքի մէջ կայանալիք գործուղումները:
Զաւարեան ուսանողական միութիւնը «Դէպի Հայք» հիմնադրամին հետ գործակցաբար մշակած է Հայաստանի մէջ «Դէպի Երկիր» անունը կրող վարժանքներու ծրագիր մը, որուն շնորհիւ լիբանանահայ ուսանողներ առիթը պիտի ունենան Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ վարժանքներ կամ կամաւոր աշխատանք տանելու: Ծրագիրը մօտ օրէն պիտի ներկայացուի հանրութեան եւ ի մասնաւորի` հայ ուսանողութեան: Վարժանքներուն մասնակցելու դիմումնագիրը յառաջիկայ շաբթուընէ սկսեալ պիտի տեղադրուի ԶՈՄ-ի պաշտօնական կայքէջին վրայ:
«Բռունցք» լսատեսողական յանձնախումբը պատրաստած է «Ինչպէ՞ս հայերէն ստեղնաշար ունենալ» թեմայով տեսերիզներ: Տեսերիզները բացատրողականներ են Windows XP-ի, Windows Vista-ի, Windows 7-ի, Windows 8-ի եւ Mac OS-ի վրայ հայերէն ստեղնաշար ունենալու մասին: Տեսերիզները զետեղուած են Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Youtube-ի էջին վրայ (www.youtube.com/ARFZavarianStudAssoc):
Զաւարեան ուսանողական գրասենեակի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ հայկական երկրորդական վարժարաններու պետական քննութիւններուն գերազանց արդիւնքներ ապահոված աշակերտներու պարգեւատրման ձեռնարկը:

