Ռոստոմի Մահուան 95-ամեակ. Մասունքներ Ռոստոմէն
ՆԱԶԱՐԷԹ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Եղի՛ր այն փոփոխութիւնը, զոր կ՛ուզես տեսնել աշխարհի մէջ
ՄԱՀԱԹՄԱ ԿԱՆՏԻ
—————————————————————————
Ցղնա գիւղի միջով հոսում է մի փոքր գետակ, որի ջուրը ամառները չէր բաւականանում ամէնքի այգիները ջրելու համար: Ռոստոմը յաճախ լսում էր, թէ ինչպէս գիւղի չքաւոր բնակիչները տրտնջում են, թէ ամբողջ ջուրը գնում էր հարուստներին, իսկ իրենց այգիները փչանում են առանց ջրի: Եւ ահա մի օր, հազիւ 10-11 տարեկան, Ռոստոմը իրեն հասակակից մանուկների գլուխն անցած` գնում քանդում է գետակի ամբարտակը եւ ջուրը ուղղում դէպի աղքատ գիւղացիների այգիները: Երբ նրան նկատողութիւն են անում, աներկիւղ պատասխանում է. «Հարուստները առանց այգու էլ կարող են ապրել: Ջուրը չքաւորին է հարկաւոր, որ ապրուստի միջոց ունենայ…»:
ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ
«ԴՐՕՇԱԿ»
Յունուար-Փետրուար 1929, թիւ 1-2
—————————————————————————
«Մանկութիւնը անցկացրեց գիւղում, գեղեցիկ բնութեան ծոցում, զուտ հայկական միջավայրում» (1):
Մենք` սփիւռքահայերս-քաղաքացիներս, հեռու` գիւղէն, լեռներէն, ծառերէն, գետերէն, հեռու` մանաւանդ բաց եւ լայն երկինքէն, մէկ խօսքով, հեռու` հայրենի բնութենէն, կարծես երբեք պիտի չկրնանք հասկնալ Ռոստոմի նման տիպարներուն էութիւնը, խառնուածքը եւ անոնց մէջի Մարդը:
Հեռու ենք նաեւ այն վարակիչ շրջապատէն` յեղափոխականներու, իտէալապաշտներու եւ լիիրաւ ընկերվարականներու շրջապատէն, որ այն ատեն Ռոստոմին եւ իր ընկերներուն վրայ անքա՜ն ազդած էր: Յեղափոխական այդ օրերու կենցաղը ապրո՛ղ եւ ազդո՛ւ մշակոյթ մըն էր, որ այսօր, ըստ երեւոյթին եւ մասամբ ի փառս «երեւոյթին», չկայ: Հաւանաբար հոն է գաղտնիքը Ռոստոմի նման հսկաներու բարոյականին. ա՛յն, թէ անոնք իրենց ապրա՛ծ կեանքով դարձան այն ինչ որ են մեզի համար այսօր:
Մեր գաղափարաբանութիւնը առնչուած է մարդկային ու ազգային իտէալներու, բայց չի՛ բաւեր մտածել-կարդալ-գրել անոնց մասին, այլ պէտք է գործել անոնց իրագործման համար, զանոնք կենդանացնել, կենցաղի վերածել եւ անոնցմով ապրիլ: Պէտք է վերականգնել Ռոստոմի յեղափոխական օրերու քաղաքական մշակոյթը եւ պէտք է դառնալ այն շրջապատը, որ պիտի սատարէ նոր Ռոստոմներու յայտնութեան:
Այս նիւթին գիրով ու խօսքով անդրադառնալն այս իմաստով անհեթեթ է ու հակասական` նոյնինքն նշուած գաղափարներուն: Ռոստոմ ի՛նք պիտի չուզեր շատ գրել, խօսիլ, ճառել. ան պիտի նախընտրէր գործել, աշխատիլ, անձի օրինակով ներշնչել, շօշափելի արդիւնքներ ձեռք բերել ու յառաջ ընթանալ: Յամենայն դէպս կը հաւատանք, թէ ընթերցողը անպայման Ռոստոմի լուսաւոր ու պայծառ հոգիէն պիտի ազդուի, ինչպէս անոր գրեթէ բոլոր ծանօթները` յուշերու եւ գրութեան մը փոխանցած գէթ սահմանափակ նկարագրութեամբ: Այս գրութեամբ պիտի ջանանք վերականգնել Ռոստոմի զանազան առաքինութիւններէն երկուքը` բարոյականութիւնն ու իրա՛ւ ղեկավարի յատկութիւնները:
Մարդը Եւ Բարոյականը Ռոստոմի Մէջ
Իր ընկերներուն վկայութեամբ, Ռոստոմ միշտ դրական տրամադրութեան մէջ էր, եւ այդ ոգին շռայլօրէն կը տարածէր իր շուրջ` խոր տպաւորութիւն ձգելով իրեն հանդիպողին վրայ: Կը մտածենք. իր մէջի Մարդը որքա՜ն ազնուացած ու հասունացած էր, իր մէջ որքա՜ն խտացած էին բարոյական արժանիքներ, որ կրցած է վարակել շրջապատը ու ներշնչել զայն դրական ուժով: Բազմաթիւ վկայութիւններ կան Ռոստոմի բարոյականին ու պայծառ հոգիին մասին: Մենք իրաւունք չունինք խօսելու իր մասին, լսենք իրեն ծանօթներուն վկայութիւնները.
Զապէլ Եսայեան իր յուշերով եւ տպաւորութիւններով կը վկայէ. «[…] Երբեմն, շատ քիչ անգամ, կը խօսէր իր ունեցած յուսախաբութիւններուն մասին եւ դառնութեան մասին, այն ալ` միայն անձին կամ այս կամ այն դէպքին վերաբերութեամբ, բայց ընդհանրապէս իր պատմութիւնները ոսկեզօծուած էին ուրախութիւնով, յաղթանակի լաւատեսութեամբ: Կարծես նորօրինակ արեւ մը կը ծագէր, կարծես լոյսի մէջ կ՛ողողէր մեզ, կարծես թեւեր կու տար մեր հոգիներուն եւ իրականութենէ վեր կը սաւառնէինք գաղափարի եւ իտէալի աշխարհի մը մէջ, հաղորդակցութեան մէջ մտնելով տիեզերական յուզումներու» (2):
Նիկոլ Աղբալեան կը խօսի Ռոստոմի մէջ գտնուող Մարդ-տիպարին անանձնութեան ու հմայքին մասին. «[…] Ուշադիր էր դէպի ամէնքը` փոքր, մեծ, կին, տղամարդ, ընկեր, ոչ ընկեր. ամէնքի մէջ մարդը տեսնելով եւ իբրեւ մարդ յարաբերելով: […] Իր մեծութիւնը իր եսի չքացման մէջ էր, կամ որ նոյնն է` անսահման լայնացման:[…] Անում էր իր անելիքն ու ասում ասելիքը` առանց շքեղութեան, ճառի, վեհութեան, այլ պարզապէս` իբրեւ սոսկական մարդ, որ հետամուտ է ճշմարտութեան ու լաւին` առանց բռնութեան ու պարտադրութեան: […] Նա գիտնական չէր, բայց գիտուն էր. մոլեռանդ չէր, բայց համոզումներ, աւելի` բարոյական սովորոյթներ ունէր, որովհետեւ կեանքի եւ իր մէջ չկային վերացական գաղափարներ. նա կեանքն ու մարդկանց տեսնում էր անմիջապէս: Նրա համար մարդիկ թիւ եւ ցանկ չէին, այլ` կենդանի մարդիկ: […] Անանձնական տիպարն էր կատարեալ, իր անձը անանձնութեան մէջ էր: […] Այսպէս, նա բարոյական հեղինակութիւն դարձաւ ոչ իր կարծիքով, այլ` իր անձով: […] Հայ էր, բայց` վեր հայութիւնից. մարդ էր ե՛ւ այլազգի հանդէպ. բացառիկ չէր, մոլեռանդ կամ կղզիացած. ամէնքի մէջ մարդ էր տեսնում եւ պիտանի (հանրային) յատկութիւնը գնահատում: […] Ու քանի որ շատ տեղ էր եղած ու շատ մարդ տեսած` փորձառու, լայնասիրտ, նստած, իմաստուն, գործնական. նա մեկնում էր ոչ գաղափարից, այլ կեանքից եւ տարածում էր ոչ աշխարհահայեացք, այլ` բարք. ո՛չ պրոպագանդիստ էր, ո՛չ վիճաբանող, ո՛չ հետազօտող, այլ` անձնուէր կեանքի շրջուն օրինակ եւ մարդկօրէն ընկերական մարդ: Սրա մէջ էր իր հմայքն ու հեղինակութիւնը» (3):
Ռոստոմի խիզախութիւնն ու ազնուութիւնը կը նկատենք Գ. Սէյրանի յուշագրած հետեւեալ դրուագին մէջ: 1918-ի յուլիսն է. զանգուածային գաղթ տեղի կ՛ունենայ: 40-50 հազար հայ Շամախուէն կը գաղթէ Պաքու: Սէյրան կը գրէ. «[…] Մեզնից իւրաքանչիւրը աշխատում էր շուտ փախչել, հեռանալ թշնամու հետեւող հեծելազօրքից: […] Այդ պահուն բոլորի մէջ գործում էր միայն փախուստի բնազդը: Հայրենիք, ընտանիք, պարտականութիւն` բոլորը ի դերեւ էին եղել մեր սրտից: Ահա մի այդպիսի վայնասունների, ճիչերի մոմենտից էր, որ հանդիպեցի Ռոստոմին մեն-մենակ, ռուսական հասարակ զինուորի հագուստի մէջ, փոշիի մէջ կորած ռուսաբնակ Մարադա (Շամախու գաւառ) գիւղում: Այդ գիւղում, բացի մեր սիրելի Ռոստոմից, ոչ ոք չկար: […] Ռոստոմն էր, որ մարգարէի նման ման էր գալիս գիւղի հիւանդանոցները, վիրաւոր եւ հիւանդ զինուորներին հաւաքում` Պաքու տեղափոխելու համար: Երբ Ռոստոմին հանդիպեցինք այդ դրութեան մէջ, զարմացանք, որ չէր մտածում փախչել: […] Իսկոյն խնդրեց, որ իրեն տանենք կառապանների մօտ, որոնք կազմ ու պատրաստ ուզում էին մեկնել գիւղից: […] Ռոստոմը կպել էր կառապաններին եւ չէր ուզում նրանցից բաժանուել: Եթէ տեսնէիք, թէ ինչպէս էր խնդրում, ուղղակի կը զարմանայիք:
Հարազատ հայրը իր որդիների համար այնպէս չէր հոգայ, ինչպէս հանգուցեալը [Ռոստոմը]` հայ զինուորի համար: Վերջապէս Ռոստոմին յաջողուեց կառապանների գութը շարժել ու համաձայնեցնել, որ իրենց հետ վերցնեն վիրաւորներին: Իր գործը աւարտած համարելով` մեզ էլ ճանապարհեց, իսկ ինքը մնաց` պատճառաբանելով, որ ինքը ձիով է, երբ մենք եւ ֆուրգոնները անցնենք մօտակայ զառիվերը, ինքը կը հետեւի մեզ» (4):
Իրա՛ւ Ղեկավարը
Թէեւ դժուար է ամբողջական սահմանում մը տալ ղեկավարին, սակայն կարելի է բնորոշել կարգ մը նկարագրային յատկանիշներ ու ղեկավարումի համար անհրաժեշտ ատակութիւններ, որոնք անձը կը դարձնեն իրա՛ւ ղեկավար` գործո՛վ ու կարողութեա՛մբ, ո՛չ դիրքով կամ տիտղոսով:
Դարձեալ իր ընկերներուն ու այլ գործիչներու վկայութեամբ, Ռոստոմ իր մէջ կը պարփակէր ղեկավարի զանազան յատկանիշներ: Իրա՛ւ ղեկավարը կը ծնի ժողովուրդին առօրեայէն, հոգերէն ու պէտքերէն, ու կը նուիրուի անոր. ան անբաժան մասնիկն է իր ժողովուրդին, ան խտացումն ու արտայայտողն է ժողովուրդի հաւաքական կամքին, բայց նաեւ ուղղող է, յուսալքումի ժամանակ յոյս ու հաւատք ներշնչող, իսկ ծուլութեան ու տկարութեան ժամանակ` կամքով ոգեւորող ու աշխատասիրութիւն սերմանող. մէկ խօսքով` ղեկը վարող:
Ռոստոմ կազմակերպիչ էր. գիտէր յարմար անձերը ընտրել զանոնք գործիչ դարձնելու համար: Եւ այս ղեկավարի յատկանիշ է. լաւապէս գիտնալ անձերը ծառայեցնել հաւաքական շահի: Ռուբէն կը գրէ. «Ան կարողացեր էր յեղափոխական գործիչներէն ընտրել այնպիսիները, որոնք ժողովուրդի մօտ ըլլալով իրենց հասկացողութեամբ, վարք ու բարքով եւ միաժամանակ մոռցած ըլլալով Դաշնակցութեան սկզբունքները` ընդունակ էին հասկցնելու ժողովուրդին յեղափոխական գաղափարները: Ռոստոմը կրցած էր գտնել այնպիսի մարդիկ, որոնք պատրաստ էին մոլեռանդօրէն կռուիլ ու զոհուիլ իրենց գաղափարներուն համար: [Ըստ Ռոստոմի] յեղափոխական գործիչը, մարտիկը, իր անձնական օրինակով, կարգապահութեամբ, տառապանքով, հերոսութեամբ եւ նահատակութեամբ պիտի դաստիարակէ ժողովուրդը ու պատրաստէ զայն ըմբոստութեան պայքարին համար» (5):
Իրա՛ւ ղեկավարը իր հեղինակութիւնը կը տարածէ իր գործով, եւ ո՛չ խօսքով: «Նա վարչութեան մէջ չէր, վկայում է Մ. Շաթիրեանը, բայց ամէնից գործունեայ անդամն էր դարձել մեր կազմակերպութեան: Խմբեր կազմել, թռուցիկներ հրատարակել, զինավարժութեան գործը վարել` բոլորը նրա վրայ էր ընկած»(6): Իսկ ամէնէն կարեւորը, ան օրինակ է ժողովուրդին, իր շրջապատին, որ զայն կ՛ընդունի որպէս բարոյական հեղինակութիւն ու կը ձգտի նմանիլ անոր: Ռոստոմ իր գործի ու անձի օրինակով վաստակեց իր հեղինակութիւնը. դաստիարակեց` առանց դառնութեան ու ճառի: Որքան ալ չափազանցութիւն սեպենք, ապրուած կեանքերէ ու իրա՛ւ տպաւորութիւններէ սերած իրականութիւն կայ հետեւեալ տողերուն մէջ. «Թերեւս մեր անդրանիկ ընկերներէն ոչ մէկուն առջեւ այնքան սարսուռ զգացած են մեր շատ մը ընկերները, որքան` Ռոստոմի բարոյական սաստին տակ: Լեռ ըլլար` կը փլէր անոր երեւութապէս խաղաղ, ժպտուն, այլ հատու ակնարկէն»(7):
Վերջապէս, ղեկավարումը կ՛ընթադրէ անհատներու միջեւ համերաշխութեան ապահովում եւ հաւաքականութեան մղում դէպի գործ` ի նպաստ իտէալի ու արդար իրաւունքի: «Հոն, ուր ներկայ էր Ռոստոմ, եւ ան ներկայ էր ամէնուրեք, հոն իսկոյն կը դադրէին բոլոր վէճերը, կը հալէին բոլոր քէներն ու կիրքերը եւ բոլորին ակնարկը կը սեւեռուէր միակ նշանակէտի մը` գործի: Երրորդութեան մէջ ամէնէն իրապաշտն էր, ամէնէն գործնապաշտն ու գործունեան հաւանաբար. սակայն մաքրամաքուր ու լայնահուն գաղափարապաշտութեան մը ֆոնին վրայ վսեմացեալ իրապաշտութիւն մըն էր իրը, որ ոգի կը ներշնչէր եւ անձնուիրութեան կը հրաւիրէր»(8):
Կ՛եզրափակենք` մէջբերելով յունուար-փետրուար 1929-ի «Դրօշակ»-ի առաջնորդող յօդուածին վերջին տողերը, որոնք այնքա՜ն այժմէական կը թուին ըլլալ.
«Այս կսկիծը [Ռոստոմի եւ Արամի կորուստը, «Զ.Է.»] շատ աւելի խոր է այսօր եւ աւելի ուժգնօրէն կը խոցոտէ մեր սիրտը օրուան այս ժամուն, երբ այնքան մռայլ է հորիզոնը, եւ այնքան միօրինակ` հայկական իրականութիւնը:
«Բայց մենք մեծագոյն անարգանքը ըրած պիտի ըլլանք Ռոստոմներու եւ Արամներու յիշատակին, եթէ, նկուն եղերամայրերու պէս, տարուինք հառաչանքներով, «մեռանք-կորանք», փոխանակ տասն անգամ տասը բազմապատկելու մեր կորովը:
«Անփոխարինելի են Ռոստոմն ու Արամը, ինչպէս` այնքան ուրիշներ, որ անդարձ գացին. բայց ՀՅ Դաշնակցութիւնը միշտ ալ ընդունակ է Ռոստոմներ եւ Արամներ յարուցանելու, ո՛րեւէ ճակատագրական ժամու. կը բաւէ, որ անթարթ աչքերով եւ սրբազան հաւատքով նայի անոնց թողած յեղափոխական հանգանակին. տիրաբար, խորապէս ըմբռնէ անոնց կորովին իմաստը եւ անդաւաճան յարատեւութեամբ քալէ անոնց ճամբէն: Յեղափոխական միտքը չի հանդուրժեր քարացած կաղապարներ: Եւ Ռոստոմներն ու Արամները կը նսեմանան ա՛յն օրը, կամ ՀՅԴաշնակցութեան դիմագիծը կ՛աղճատուի ա՛յն ժամուն, երբ յաջորդ սերունդը մոռնայ ոգին` տառը միայն հոլովելով, կամ իրական ճիգը շփոթէ սնամէջ «քլիշէ»-ներու հետ» (9):
(1) Վրացեան, Սիմոն. «Յուշապատում ՀՅԴաշնակցութեան» 1890-1950. Պոսթըն -ՀՅԴ Բիւրօ, «Հայրենիք»-ի տպարան, 1950. մէկ հատոր, տպագիր:
(2) Եսայեան, Զապէլ. «Վերածնունդ», Դ. տարի, թիւ 3 եւ 4, 24 եւ 31 յունուար 1920: Առնուած` «Ազդակ-Շաբաթօրեակ»-էն, Ե. տարի, թիւ 10, 1974:
(3) Աղբալեան, Նիկոլ. «Ռոստոմի մասին», «Ռոստոմ», առաջին տպ. – Տասնապետեան, Հրաչ` խմբագիր, Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Տպարան, 1979. էջ 430-431. մէկ հատոր, տպագիր:
(4) Սէյրան, Գ. «Մի էջ Ռոստոմի կեանքից», «Առաւօտ», մարտ, թիւ 3, Թեհրան, 1919, տպագիր:
(5) Տէր Մինասեան, Ռուբէն. «Հայ Յեղափոխականի մը յիշատակները», Գ. հրտ., Պէյրութ. Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 1985. Գ. հատոր, էջ 123-124:
(6) Վրացեան, Սիմոն. «Յուշապատում ՀՅ Դաշնակցութեան» 1890-1950, Պոսթըն, ՀՅԴ Բիւրօ, «Հայրենիք»-ի տպարան, 1950, մէկ հատոր, տպագիր:
( 7)Առաջնորդող յօդուած, «Դրօշակ», յունուար-փետրուար 1929, Թիւ 1-2:
(8) Խմբագրական «Ազդակ-Շաբաթօրեակ. Դրօշակ»-ի, Ե. տարի, 24 փետրուար 1974, թիւ 10:
(9) Առաջնորդող յօդուած, «Դրօշակ» յունուար-փետրուար 1929, թիւ 1 – 2:

