ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» Կեդրոնին Մէջ. «Հայերը Ինչո՞ւ Կը Լքեն Հայաստանը» Հետազօտութեան Արդիւնքներու Ներկայացում

AGBUԵրէկ` հինգշաբթի, 30 յունուարի երեկոյեան ժամը 8:00¬ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Արտագաղթի տագնապը Հայաստանի մէջ» նիւթով դասախօսութիւն մը, որուն ընթացքին «ՏԵՓՈՓ» հետազօտական խումբը ներկայացուց «Հայերը ինչո՞ւ կը լքեն Հայաստանը» հետազօտութեան արդիւնքները:

Բացման խօսքը արտասանեց ՀԲԸՄ-ի պաշտօնաթերթ «Խօսնակ»¬ի խմբագրապետ Համբիկ Մարտիրոսեան, որ խօսելով Հայաստանէն արձանագրուող արտագաղթին մասին նշեց, որ այդ երեւոյթը ճակատագրական վիճակ կը պարզէ, որ դարձած է ախտ, եւ եթէ անոր առաջքը չառնուի, ապա պիտի դառնայ լախտ:

Մարտիրոսեան յայտնեց, որ արտագաղթը համաշխարհային համաճարակ է, իսկ մեր պարագային գործի տագնապի, ընկերային-տնտեսական պայմաններու, բնակարանային խնդիրներու, ապահովական կացութեան պատճառով քաղաքացիները կը լքեն երկիրը` աւելցնելով, որ արտագաղթը վերածուած է աղէտի, որովհետեւ շուրջ 1,200,000 հայեր լքած են երկիրը:

Մարտիրոսեան նշեց, որ ՀԲԸՄ-ը իր հսկայական ներդրումներուն կողքին` զգալով, որ պէտք է ահազանգ հնչեցնէ, տարբեր երկիրներու մէջ կազմակերպած է այս դասախօսական շարքը: Ապա ներկայացուց օրուան զեկուցաբեր Կամօ Մայիլեանի կենսագրական գիծերը:

Արտագաղթի երեւոյթը հետազօտող խումբը կազմուած է Ռուս-հայկական (սլաւոնական) համալսարանի հետազօտական խումբէն, Երեւանի պետական համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժանմունքի հետազօտական կեդրոնէն, Արշակ Պալայեանէ, Արմէն Կաքաւեանէ եւ Աւետիս Մեճլումեանէ բաղկացած հետազօտական խմբակէն, ինչպէս նաեւ «Հրայր Մարուխեան» հիմնարկէն: Հետազօտութիւնը կը հովանաւորէ «Գոլոլեան» հիմնարկը:

Կամօ Մայիլեան իր խօսքի առաջին բաժինին մէջ յայտնեց, որ արտագաղթը օրական յիսուն ընտանիքի կը հասնի: 1991-ին բնակչութեան թիւը 3.5 միլիոն էր, իսկ 2012-ին` 3 միլիոնէն նուազ: Ան յայտնեց, որ այս զեկուցումը 12  ամիսներու հետազօտման արդիւնք է եւ ընդգրկած է Հայաստանի երեք մեծ քաղաքները` Երեւանը, Վանաձորը եւ Գիւմրին:

Արտագաղթի երեւոյթը հասած է այն աստիճանի, որ երկրէն սկսած են գաղթել վիճակով լաւ, կայուն ու հաստատուած մարդիկ: Այս է տարբերութիւնը այլ երկիրներէն: Խօսելով պատճառներուն մասին` Մայիլեան նշեց, որ անոնց շարքին են գործազրկութիւնը, կաշառակերութիւնը, օրէնքի իշխանութեան պակասը, օրէնքով պաշտպանուած չըլլալու զգացումը, իսկ երիտասարդներ մարդկային զարգացման համար անհրաժեշտ պայմաններ չեն գտներ, համալսարանաւարտները իրենց ուսումին համապատասխան գործ չեն կրնար գտնել:

Նիւթականէն բացի հարցախոյզի մասնակիցներուն 60 առ հարիւրը կը յայտնէ, որ արտագաղթի մղող պատճառներ են ժողովրդավարական դրութեան, մարդկային օրէնքի եւ օրէնսդրական բացը: Իսկ 40 առ հարիւրը` մարդկային զարգացման համար անբարենպաստ պայմաններ եւ մարդկային խնդիրներու հետ կապուած հարցեր: Մայիլեան նշեալներէն իւրաքանչիւրին մասին տուաւ օրինակներ:

Ան յայտնեց, որ երկիրը այլեւս արհեստաւորներ չունի, արհեստները սկսած են մեռնիլ, որովհետեւ երիտասարդ սերունդը չի շարունակեր իր ծնողներուն արհեստը:

Անդրադառնալով Գիւմրիի պարագային` ան նշեց, որ քաղաքը շատ վատ վիճակի մէջ է. քաղաքի բնակչութեան 47 առ հարիւրը աղքատ է, իսկ 4500 ընտանիք կ’ապրի անբարենպաստ պայմաններու մէջ: Գիւմրին հարուածած երկրաշարժէն 25  տարի ետք անոնք կը շարունակեն բնակիլ օրին ժամանակաւոր կերպով կառուցուած տնակներու մէջ:

Խօսելով լուծումներուն մասին` ան նշեց, որ իրենք թէեւ բոլոր լուծումները չունին, սակայն եթէ սփիւռքն ու հայրենիքը միանան, կրնան բաւական բան փոխել. սփիւռքահայերը կրնան հոն հաստատուիլ, գործ բանալ եւ երկիրը այսպիսով կը զարգանայ:

Կամօ Մայիլեան նշեց, որ բաղդատած դրացի երկիրներուն, Հայաստանի ներքին պայմանները տակաւին աւելի ընդունելի են, իսկ ներգաղթ ապահովելու համար ներքին պայմանները պէտք է բարելաւել. երբ ներսը տկար է, թշնամին շուտ կրնայ առիթը օգտագործել:

Զեկուցումի ներկայացման աւարտին առիթ տրուեցաւ ներկաներու հարցումներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES