Հարցազրոյց Վիգէն Չըթըրեանի Հետ
Երէկ կէսօրէ ետք «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւրոպական եւ միջինարեւելեան յառաջատար օրաթերթերու հետ աշխատակցած ու աշխատակցող լրագրող եւ քաղաքական վերլուծաբան Վիգէն Չըթըրեան:
Ան հանդիպում ունեցաւ «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան հետ, որմէ ետք «Ազդակ»-ի հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ «Արաբական գարնան», նոր «Սայքս-Փիքօ»-ի համաձայնութեան մը գոյութեան շուրջ տարաձայնութեանց, քրտական ազդակին եւ հայ-թուրք յարաբերութեան:
Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:
Հարցազրոյցի տեսերիզը յառաջիկայ օրերուն պիտի զետեղուի «Ազդակ»-ի կայքէջին վրայ:

