Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Շապապ Արապի
Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 31 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Շապապ Արապին:
Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ նոր տարեշրջանը սկսաւ յաղթանակով, երբ նախորդ շաբաթավերջին Սալամ Զղարթայի դաշտին վրայ իր կատարած մրցումին 2-1 արդիւնքով յաղթեց Շեքքայի, մինչ Շապապ Արապի, նուազագոյն հաշիւով պարտուեցաւ Հարըֆ Ըրտէ Խէյրիէն:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի այսօր եւս ապահովել մրցումին երեք կէտերը, սակայն յաղթանակը արձանագրելու ընթացքին պէտք է ըլլալ շատ զգուշ եւ խուսափիլ իրաւարարէն ազդարարութիւն ստանալէ եւ չկրկնել նախորդ մրցումին պատկերը, որուն ընթացքին ՀՄԸՄ-էն չորս մարզիկներ դեղին քարտեր ստացան:
Ինչպէս ծանօթ է, երեք դեղին քարտ ստացող մարզիկը մրցումով մը կը կախակայուի:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկները, մանաւանդ խումբին յառաջապահ դիրքին վրայ գտնուողները, պէտք է առաւելագոյն ձեւով օգտագործեն իրենց համար ներկայացած կոլ նշանակելու առիթները` կոլերու մեծ տարբերութեամբ յաղթական դուրս գալու համար այսօրուան մրցումէն:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:

