Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ամշիթ – Սաժես Բացման Մրցումով Այսօր Կը Սկսի Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2013-2014 Տարեշրջանը
Այսօր` ուրբաթ, 31 յունուար 2014-ին կը սկսի Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2013-2014 տարեշրջանը:
Այսօրուան յայտագիրին վրայ են երկու մրցումներ:
Բացման մրցումին Ամշիթ իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Սաժեսը` երեկոյեան ժամը 18:00-ին:
Այս մրցումին յաջորդող հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ, երբ ժամը 19:30-ին Հուփս պիտի հիւրընկալէ Պիպլոսը:
Ինչպէս ծանօթ է, մրցումները ուղղակիօրէն պատկերասփռելու իրաւունքը դարձեալ վստահուած է «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին:
Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ի կատարելիք տարեշրջանի առաջին մրցումին, անիկա Մանարայի մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Ռիատիի: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 1 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին:
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին որոշումով բոլոր այն խումբերը, որոնք իրենց մրցումները կը կատարեն օտար դաշտի վրայ, պիտի մրցին առանց իրենց համակիրներուն ներկայութեան` որեւէ անախորժ դէպքի առաջքը առնելու նպատակով:

